Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտի կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական գործիչներուն կեդրոնանալու եւ արագացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է անյապաղ կազմել նոր կառավարութիւն մը` անոր ընձեռելով բարեկարգումներ կատարելու իրաւասութիւններ, որպէսզի անիկա կարենայ երկրին դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապներուն լուծումներ գտնել: «Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կարելի չէ յետաձգել», ըսաւ ան:
Ռուշտի ընդգծեց, որ երկրին մէջ տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կացութեան վատթարացումը, աղքատութիւնը եւ ժողովուրդին մօտ արձանագրուած սննդեղէնի պակասը կ՛ենթադրէ, որ լիբանանցի ղեկավարները իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնեն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնեն` Լիբանանի մէջ տիրող սառած եւ անդամալոյծ վիճակին վերջ մը տալու: «Լիբանանի քաղաքական ղեկավարները պէտք է լիբանանցիներու կոչերուն անսան եւ լիբանանցի ժողովուրդին լուծումներ ապահովեն», հաստատեց ան:
Ռուշտի վերահաստատեց, որ ՄԱԿ-ը յանձնառու կը մնայ լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, քաղաքական անկախութեան եւ գերիշխանութեան զօրակցելու:



