Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի կողմէ:
Հարիրի դատաւոր Մըշլեպը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքէն` այդ մասին ներկայացնելով տեղեկագիր մը` Ապօրինի հարստացման օրէնքի գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Հարիրիի ընկերակցեցաւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին` ներկայութեամբ դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Պասեմ Շապի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ յետմիջօրէին Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը երեսփոխաններու հետ, որոնց շարքին` Սամիր Ժսըր, Ասեմ Արաժի, Մոհամետ Քարաաուի, Ուալիտ Պաարինի, Մոհամետ Սլէյման, Օսման Ալամէտտին եւ Սամի Ֆաթֆաթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու տարբեր շրջաններու կարիքները:



