Զահրանիի հիւլէական շտեմարանի ընդհանուր տնօրէն Զիատ Զէյն յայտնեց, որ հոն գտնուող հիւլէական նիւթերը յանձնած են Հիւլէական ուժանիւթի ազգային խորհուրդին` նկատի ունենալով, որ անոնք բարձրորակ նիւթեր են եւ կ՛օգտագործուին գիտական հետազօտութիւններու ու փորձարկումներու ընթացքին:
Զէյն նշեց, որ հիւլէական նիւթի յանձնումը եւ ստանձնումը կատարուեցան պաշտօնական փաստաթուղթով:
Զէյն յայտնեց, որ հիւլէական այդ նիւթերը Լիբանանի մէջ են 1950-էն ի վեր` աւելցնելով, որ օրին անոնք արձանագրուած էին իբրեւ քիմիական նիւթեր:
Ան հաստատեց, որ այդ նիւթերը վտանգաւոր չեն` աւելցնելով, որ անոնց մշակումը պիտի կատարուի ըստ միջազգային համաձայնագիրի պայմաններուն, եւ պիտի օգտագործուին Լիբանանի կատարելիք գիտական հետազօտութիւններուն եւ փորձարկումներուն ընթացքին:



