Տիապ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Առաջնահերթութեանց Առաջնահերթութիւնն Է»
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Տիապ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «ցաւօք, մեր կառավարութեան հրաժարելէն ութ ամիս ետք, նոր ջանքեր ի գործ չեն դրուած` նոր կառավարութիւն մը կազմելու եւ Լիբանանը ընկերային, ելեւմտական ու տնտեսական ճիշդ հունի...


















