Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Լարուածութիւնը Կը Մնայ Տիրական

March 29, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Ծաղկազարդի տօնին բերած խաղաղութեան եւ պայծառ օդին, Լիբանանի կացութիւնը կը շարունակէ մնալ տագնապալի եւ անհեռանկար:

Կառավարութեան կազմութեան առումով լարուածութիւնը տիրական է, հակառակ այն ակնկալութիւններուն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօրուընէ սկսեալ պիտի փորձէ վերակենդանացնել կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:

Շաբաթավերջին քաղաքացիական շարժումի ներկայացուցիչները կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը դէպի նախագահական պալատ` պահանջելով կազմել փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը կամ հեռանալ իշխանութենէն:

Շեւրոլէի մէջ համախմբուած ցուցարարները քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Պաապտա` նախագահական պալատ տանող խաչմերուկ, ուր անոնք պահանջեցին ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներէն, յատկապէս իշխանութեան երեք պետերէն, հրաժարիլ իրենց պաշտօններէն եւ դատի տալ փտածութեան համակարգը:

Ցուցարարները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշակներ եւ պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին պահանջներ, ինչպէս` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան շարունակութիւնը, արդարութեան հաստատումն ու յանցագործները պատժելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն չէզոք պահելու կեցուածքի որդեգրումը:

Նշենք, որ Համայնավար կուսակցութեան կողմէ երէկ կէսօրին Պէյրութի մէջ կատարուեցաւ բազմամարդ ցոյց մը, որուն ընթացքին կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Ղարիպ խստիւ քննադատեց տիրող կացութիւնը` իրենց շարժումը նկատելով ժողովրդային ըմբոստութեան երկրորդ ալիք:

Միւս կողմէ, Միջազգային դրամական ֆոնտի բանբեր Ճերի Ռայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:

Ռայս ընդգծեց, որ պէտք է անյապաղ նոր կառավարութիւն մը կազմել եւ անոր ընծայել իրաւասութիւններ` գործադրելու համար անհրաժեշտ բարեկարգումները: «Լիբանանի ու լիբանանցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները սովորականէն շատ աւելի մեծ են, եւ բարեկարգումներու գործադրութեան խիստ կարիք կը զգացուի», ըսաւ Ռայս:

Ան աւելցուց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը ներկայիս Պէյրութի հետ ոչ մէկ ծրագիր կը քննարկէ, սակայն ան թեքնիք օժանդակութիւն կը տրամադրէ ելեւմուտքի նախարարութեան եւ կարգ մը պետական հաստատութիւններու: «Կը նախատեսուի, որ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները յաւելեալ աշխուժութեամբ շարունակուին այս շաբթուան ընթացքին», հաստատեց Ռայս:

Նախորդը

Մուխթարայի Մէջ. «Լիբանանի Արաբականութեան Զօրակցելու Իմաստով Պատմական Միացեալ Պատասխանատուութեան Մը Դիմաց Կը Գտնուինք» Շեշտեց Պուխարի

Յաջորդը

«Ապրիլին Հրաժարական Պիտի Տամ, Որպէսզի Տեղի Ունենան Արտահերթ Ընտրութիւններ» Ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.