Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխաններ Նաամէ Թոհմէի ու Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Ժոմպլաթ Պուխարիին ներկայացուց իր տեսակէտը` լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան առումով համաձայնութիւն գոյացնելու իր առաջարկին մասին` ընդգծելով, որ իր առաջարկին նպատակն է երկիրը դուրս բերել իր դիմագրաւած տագնապներէն:
Հանդիպումին ընդգծուեցան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Մուխթարայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները: Պուխարի ընդգծեց, որ Մուխթարա իր ներկայացուցած պատմական ու արաբական աւանդով Լեռնալիբանանի եւ Լիբանանի միասնականութեան երաշխիքն է: «Լիբանանի արաբականութեան զօրակցելու իմաստով պատմական միացեալ պատասխանատուութեան մը դիմաց կը գտնուինք: Մենք պիտի շարունակենք մնալ արաբներ` քրիստոնեայ թէ իսլամ, այնքան ատեն որ Մուխթարայի մէջ եկեղեցին եւ մզկիթը գոյութիւն ունին», հաստատեց Պուխարի:
Հանդիպումէն ետք Պուխարի այցելեց Մուխթարայի Շաքիպ Արսլանի մզկիթը, ապա նահատակ Քամալ Ժոմպլաթի դամբարանը: