Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ողջունեց Մարզական Լրագրողներուն Պատուաստումը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հանգուցեալ տոքթ. Մոհամետ Աուատայի ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Աուատայի կինը` Ուաֆա Համմուտ-Աուատա, մարզական լրագրութեան Ասիոյ ֆետերասիոնի գործադիր գրասենեակի անդամ Իպրահիմ Տսուքին, ինչպէս նաեւ լրագրող Ապպաս Հասանը: Վ. Օհանեան-Գէորգեան դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնեց Աուատայի մահուան առիթով եւ հաստատեց, որ անոր կորուստը Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ լիբանանցի մարզիկներուն համար մեծ...




















