ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2460 վարակուածներ եւ մահացած 40 ուրիշներ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը դատարկ օղակի մը մէջ կը դառնայ, իսկ այդ բարդութիւններուն պատճառները ոչ մէկ կապ ունին ընկերային պայմաններուն հետ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Միւֆթի Տըրիան ընդունեց նաեւ Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն նուազագոյն վնասներով փրկելու կարեւորութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերրէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով պատրիարքին առաջադրած չէզոքութեան կեցուածքն ու միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու կարելիութիւնը: «Այս շրջագիծին մէջ կը շեշտենք այս ուղղութեամբ Սպանիոյ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնն ու այս գաղափարին նկատմամբ երկրին զօրակցութիւնը», յայտնեց Ֆերրէ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ, որովհետեւ երկիրը այլեւս ոչ մէկ յապաղում կրնայ հանդուրժել:
ՀԶՕՐ Լիբանան պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապէն պահանջած է, որ կառավարութիւնը հրաւիրէ նիստի մը` բարեփոխելու համար Լիբանանի ծովային սահմաններուն վերաբերող թիւ 6433 հրամանագիրը: Ան նշեց, որ եթէ Տիապ զլանայ այդ մէկը կատարել, «ապա հանրապետութեան նախագահէն կը պահանջեմ ստորագրել այդ հրամանագիրը, իսկ լիբանանցիներէն` զօրակցիլ իրենց պետութեան եւ բանակցող խմբակին», ըսաւ ան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը կարելի է ապահովել կազմելով անկուսակցական եւ մասնագէտ անկախ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան հաստատեց, որ անկարելի է ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը ժողովուրդին նուազագոյն հարցերուն լուծման չի նախաձեռներ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ ընդգծեց, որ երկրին սահմաններուն պահպանումին առումով լիբանանեան բանակին արձանագրած արդիւնքները պէտք է նկատի առնուին:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնական խորհուրդը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու տնտեսական փրկութեան կառավարութիւն մը` ընդգծելով, որ լիբանանցիները իրենց երկրին մէջ իսկ դարձած են մուրացիկներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող ճաշարաններու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Խալետ Նուզհա յայտնեց, որ տարեսկիզբին 10 շաբթուան համար երկիրը փակելու քայլին պատճառով ճաշարանային ծառայութեանց ցանցը հսկայական վնասներ արձանագրած է: Ան նշեց, որ 2020-ի Նոր տարուան ընթացքին Լիբանանի մէջ կը գործէին 8700 ճաշարաններ, որոնց թիւը աւելի ուշ դարձաւ 4000, իսկ այսօր շատ աւելի քիչ է անոնց թիւը: «Լիբանանի այս վիճակին մէջ պիտի կարենան գոյատեւել զբօսաշրջական հաստատութիւններուն եւ ճաշարաններուն միայն 17 առ հարիւրը», շեշտեց Նուզհա:


