Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2501 վարակուածներ եւ մահացած 31 ուրիշներ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէի, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հացի արտադրութեան սենտիքայի նախագահ Թոնի Սէյֆի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Քննարկուեցաւ փուռերուն դիմագրաւած տագնապը եւ որոշուեցաւ Նաամէի գլխաւորութեամբ լուծումներու յանգիլ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահի խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին յայտնեց, որ Լիբանան դուրս չէ եկած ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապին հիմնական պատճառը դէպի Սուրիա նաւթի մաքսանենգումն է:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի Եւրոպական Միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ քննարկեց ընկերային ոստիկանութեան ծրագիրը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է անոր գործադրութեան մէջ թափանցիկ ըլլալ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան զգուշացուց ներկայ իշխանութիւնները տնտեսական ընդհանուր նպաստը հասցէագրելու քայլէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ պէտք է ընդունիլ, թէ համայնքային դրութիւնն ու վարչակարգը ամուլ են: Ան կոչ ուղղեց հիմնելու քաղաքացիական պետութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի չկազմուի, եթէ վարչապետի անունին շուրջ սէուտական վեթօ գոյութիւն ունի, «ինչն է այսօրուան պարագան», ըսաւ ան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ Լիբանանը բարելաւելու միակ լուծումը իշխող ներկայ վարչակարգին հրաժարականն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի համար ամէնէն վտանգաւոր համաձայնագիրը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ համաձայնութիւնն էր, որուն հետեւանքները կը կրենք այսօր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մուսթաֆա Ալլուշ յյայտնեց, որ փողոցը «տաքնալու» կարիք չունի, որովհետեւ բաւարարաչափ «տաք» է արդէն` տնտեսական իրավիճակին եւ որեւէ լուծման յանգելու յուսախաբութեան պատճառով:

ՊԱՆԴՈԿՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող պանդոկներուն մեծ մասը ամբողջութեամբ փակ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով մարոնի համայնքի պատրիարքութենէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով Ռայի պատրիարքին ջանքերը տակաւին կը շարունակուին, իսկ հանրապետութեան նախագահին հետ պատրիարքին յարաբերութիւնները շատ լաւ են:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Զօր. Աուն Եւ Աքըր Ընդունեցին Բրիտանական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.