Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկուեցան երկրին տնտեսական-ելեւմտական տագնապը եւ իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Սալամէ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նշենք, որ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, արդարութեան եւ վարչական հարցերու, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման, մշակոյթի հարցերու, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, պաշտպանութեան եւ ներքին հարցերու խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 21 ապրիլ 2021-ին:
Միացեալ նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր:



