Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հէյլ. «Ժամանակն Է Արդէն, Որ Լիբանանցի Ղեկավարներուն Կոչ Ուղղենք Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Բաւարար Ճկունութիւն Ցուցաբերելու»

April 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ երէկ սկսաւ Լիբանան իր այցելութեան` նշելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի պահանջով է, որ եկած է Պէյրութ` հանդիպումներ ունենալու լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ:

Հէյլ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, իր այցելութիւնները սկսաւ Պուսթրոս պալատէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի հետ:

Հանդիպումէն ետք ան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Իր կարգին, Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին կը գտնուի ամերիկեան վարչակազմին հետաքրքրութեան սահմաններուն մէջ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հէյլը եւ Շիան:

Հանդիպումէն ետք Հէյլ նշեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկել երկրին դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական ահռելի տագնապները, ինչպէս նաեւ վերահաստատելու լիբանանցիներուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն յանձնառութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց միջազգային գործակիցները մտահոգ են Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու ծրագիրի գործադրութեան ձախողութեամբ: 2019-ի դեկտեմբերին եւ 2020-ի օգոստոսին այցելեցի Լիբանան, ուր իմացայ երկար սպասուած տնտեսական-ելեւմտական բարեկարգումները կատարելու իմաստով լիբանանցի ղեկավարներուն միասնականութեան մասին, սակայն ցայսօր ոչինչ իրագործուած է, եւ շատ փոքր յառաջդիմութիւն արձանագրուած: Մինչդեռ միլիոնաւոր լիբանանցիներ` «Քորոնա»-ի համաճարակին կողքին, կը դիմագրաւեն տնտեսական եւ ընկերային ծանր դժուարութիւններ, որոնք հետեւանք են տարիներ շարունակ լիբանանցի ղեկավարներուն փտածութեան ու ձախողութեան», ըսաւ ան:

Հէյլ յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր հանդիպումները եւ յաւելեալ յայտարարութիւններ պիտի կատարէ:

«Միացեալ Նահանգներ եւ միջազգային ընտանիքը պատրաստ են օժանդակելու, սակայն անոնք ոչինչ կրնան իրագործել` առանց լիբանանցի իրենց գործակիցին: Հետեւաբար ժամանակն է արդէն, որ լիբանանցի ղեկավարներուն կոչ ուղղենք կառավարութեան կազմութեան իմաստով բաւարար ճկունութիւն ցուցաբերելու», շեշտեց ան:

Հէյլ նշեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ փափաք ունի եւ ատակ է իսկական ու հիմնական բարեկարգումներու գործադրութեան:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող տագնապէն դուրս գալու միակ միջոցը բարեկարգումներու գործադրութիւնն է:

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ամերիկացի պաշտօնատարը` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի եւ իր խորհրդականին` Պասեմ Շապի:

Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Հէյլը` ներկայութեամբ նախկին երեսփոխաններ Ղազի Արիտիի եւ Մարուան Համատէի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հէյլ դարձաւ Ժոմպլաթի ճաշի հիւրը:

Հէյլ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ դարձաւ անոր իֆթարի հիւրը:

Երեկոյեան Հէյլ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Աւագ Խորհրդական Զօր. Մարթին Սեմսընը

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրքի Մատուցում` Արթուր Մկրտչեանի Մահուան 29-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.