Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ողջունեց Մարզական Լրագրողներուն Պատուաստումը

April 17, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հանգուցեալ տոքթ. Մոհամետ Աուատայի ընտանիքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Աուատայի կինը` Ուաֆա Համմուտ-Աուատա, մարզական լրագրութեան Ասիոյ ֆետերասիոնի գործադիր գրասենեակի անդամ Իպրահիմ Տսուքին, ինչպէս նաեւ լրագրող Ապպաս Հասանը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնեց Աուատայի մահուան առիթով եւ հաստատեց, որ անոր կորուստը Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ լիբանանցի մարզիկներուն համար մեծ է` աւելցնելով, թէ ինք վստահ է, որ Մոհամետ Աուատայի մարզական ուղին պիտի շարունակուի իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն ընդմէջէն:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանցի մարզական լրագրողներու միութեան «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներ տրամադրելու Աուատա ընտանիքին նախաձեռնութեան:

Ան շեշտեց, որ այդ քայլը իր գործնական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ մարզական շարժումները վերակենդանացնելու առումով:

Համմուտ Վ. Օհանեան-Գէորգեանին ներկայացուց այն քայլերը, որոնք որդեգրուեցան միութեան կողմէ` պատուաստ ապահովելու նպատակով, եւ նշեց, որ մարզական լրագրողները արդէն իսկ պատուաստի առաջին ներարկումը ստացած են:

Ան նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուց նաեւ հաշմուած մարզիկներուն պատուաստ տրամադրելու ծրագիր մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի սերտուին:

Միւս կողմէ, Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց ինքնաշարժներու մրցումներու յատուկ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» միութեան նախագահ Իմատ Լահուտը, որուն հետ քննարկեց կիրակի, 25 ապրիլ 2021-ին ռելիի մեկնարկը յայտարարելու վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Քննարկուեցաւ նաեւ մրցումներուն ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին գծով որդեգրուելիք նախազգուշութիւններուն կարեւորութիւնը:

Այս առիթով Լահուտ շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին, որ հարիւր «Ռափիտ» քննութիւն տրամադրած է «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպած ռելիի մասնակիցներուն:

Լահուտ նշեց նաեւ, որ նախարարի պաշտօնակատարը կատարած է այլ կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, երբ ապահոված է արտաքին մրցումներու մասնակից լիբանանցի մարզիկները պատուաստելու կարելիութիւնը:

«Հանդիպումին ընթացքին շօշափեցինք, թէ նախարարի պաշտօնակատարը ուղղակիօրէն կ՛ապրի երիտասարդներուն ու մարզիկներուն հարցերով, եւ զայն կը շնորհաւորենք իր նախաձեռնութիւններուն համար: Վ. Օհանեան-Գէորգեան ուսանելի օրինակ պէտք է ըլլայ բոլոր նախարարութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ փայլուն փաստ, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պարզապէս, գոհացում տալու նախարարութիւն մը չէ», հաստատեց Լահուտ:

 

Նախորդը

Հարիրի Մոսկուա Կատարած Իր Այցելութիւնը Աւարտեց Լաւրովի Հետ Հանդիպումով

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Եւ Նահատակ Հրշէջներու Հարազատներուն Միջեւ Հանդիպումը Ի Զօրու Է

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.