Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ . «Լիբանանի Մէջ Ներկայիս Դժուար Է Մասնագէտներու Կառավարութիւն Կազմել` Պահանջուած Բարեկարգումները Գործադրելու Համար» Շեշտեց Հարիրի

April 16, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայէլ Միշուսթինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Միշուսթին ողջունեց Հարիրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ընդգծելով Լիբանան-Ռուսիա ամուր յարաբերութիւնները, որուն մէջ իր ներդրումը ունեցած էր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի:

«Մենք կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը թափելու ամէն ճիգ` բարգաւաճեցնելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները, որպէսզի անոնք շահաբեր ըլլան լիբանանցի եւ ռուս ժողովուրդներուն համար», ըսաւ Միշուսթին:

Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Միշուսթինին եւ ռամատանի առիթով շնորհաւորեց զայն:

Ան ընդգծեց, որ իր հայրը` Ռաֆիք Հարիրի միշտ ալ հաւատացած է Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմանի ամուր յարաբերութիւններուն:

Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան ներկայիս տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական շատ ծանր պայմաններ կ՛ապրի` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակը աւելի եւս բարդացուցած է երկրին իրավիճակը:

«Կը մաղթենք, որ Ռուսիա օժանդակէ Լիբանանին` անոր յատկացնելով «Քորոնա» ժահրին դէմ պատրաստուած ռուսական պատուաստը, որ փաստեց իր ազդու ըլլալու իրականութիւնը», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս դժուար է մասնագէտներու կառավարութիւն կազմել` պահանջուած բարեկարգումները գործադրելու համար: «Սակայն երբ կառավարութիւն կազմենք եւ բարեկարգումները գործադրենք, պէտք է իմանանք, որ մեր ակնկալութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ ռուսական բոլոր հաստատութիւնները գան Լիբանան եւ ներդրումներ կատարեն, ըլլայ ելեկտրականութեան, նաւահանգիստներու, ենթակառոյցի թէ ճամբաներու շինութեան մարզերուն մէջ», ընդգծեց Հարիրի:

Նշենք, որ Քրեմլինը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սաատ Հարիրիի հետ, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուի Մոսկուա:

Քրեմլինի համաձայն, Հարիրի Փութինը տեղեակ պահած է Լիբանանի ներքին զարգացումներուն մասին` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը եւ շրջանցելու Լիբանանը հարուածող տնտեսական տագնապը:

Փութին հաստատած է, որ Ռուսիա կը զօրակցի Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան:

Քննարկուած են նաեւ շրջանային շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ բոլորին պատրաստակամութիւնը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով:

Քրեմլինի համաձայն, Փութին եւ Հարիրի ընդգծած են երկկողմանի գործակցութեան կարեւորութիւնը, տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններուն միջեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու առումով համագործակցութեան ու Լիբանանին ռուսական պատուաստ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան աւարտին Փութին Հարիրին շնորհաւորած է ռամատանի առիթով:

Նշենք, որ Հարիրի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսարի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու իմաստով դեսպանատան տարած աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Եւ Աքըր Ընդունեցին Բրիտանական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հէյլին Հաստատեց Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.