Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ 13-15 ապրիլ պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ:
Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Հէյլ պիտի ընդգծէ Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը` Լիբանանի հետզհետէ վատթարացող տնտեսական եւ ընկերային վիճակին նկատմամբ, որուն հիմնական պատճառը քաղաքական ծուղակն է, որուն մէջ կը գտնուի երկիրը:
«Հէյլ ճնշում պիտի բանեցնէ լիբանանցի պատասխանատուներուն եւ կուսակցութիւններուն վրայ, որպէսզի անոնք համախմբուին եւ կազմեն կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունենայ գործադրել տնտեսական եւ վարչական բարեկարգումներ:



