Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական իրադարձութիւններն ու մօտիկ ապագային նախատեսուած զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն զօրակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ միացեալ շուկայ մը ստեղծելու կարելիութիւնները:
Ռամատանի առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ նաեւ Քուէյթի Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր իշխանէն եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումին առումով Լիբանան շանթաժի պիտի չենթարկուի:
Նախագահ Աունի այցելուները նշեցին, որ ան համաձայն է, որ ծովագէտներ օժանդակութիւն տրամադրեն` երկրին հարաւային թէ հիւսիսային սահմաններուն մօտակայքը, «սակայն արդեօք իսրայէլացիները համաձա՞յն են այդ առաջարկին», հարց տուած է նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասին իր կեցուածքը եղած է շատ յստակ, այն առումով, որ ատիկա լիբանանեան գերիշխանութեան վերաբերող հարց է, եւ կարելի չէ ենթարկուիլ իսրայէլացիներուն պարտադրած նախապայմաններուն, որովհետեւ իսրայէլացիները նախապայմաններով կը բանակցին եւ կը պարտադրեն զանոնք դիմացի կողմին վրայ, եւ մերժումի պարագային կը սպառնան բանակցութիւնները կասեցնելու քայլով:
Նշենք, որ նախագահական պալատը երէկ յետմիջօրէին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Հանրապետութեան նախագահին ցուցմունքներուն համաձայն, նախագահական պալատը նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան յղած է նամակ մը, որ կը պարփակէ թիւ 6433 հրամանագիրի բարեփոխուած տարբերակը` ընդգծելով, որ այդ հրամանագիրը կարիքը ունի կառավարութեան վաւերացումին` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնն ու ունենալիք հաւանական արդիւնքները:
Հանրապետութեան նախագահը կ՛որոշէ այն, ինչ որ լաւագոյնը կը նկատէ երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար: Անոր վստահուած է նաեւ երկրին սահմանադրութեան գործադրութիւնը, հետեւաբար ան կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն վստահելու լիբանանեան կեցուածքին զօրութեան եւ կը հաստատէ, որ ընթացքը պիտի ըլլայ այնպէս, որ Լիբանան իր ծովային եւ ցամաքային ամբողջական իրաւունքները պահպանէ»:
Անդրադառնալով իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք բուռն կերպով պահանջած է ատիկա եւ կարելի չէ այդ հարցը սակարկութեան ենթարկել` մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ այդ պահանջը ամերիկեան, ֆրանսական եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ ներկայացուած է` փաստելու համար բարեկարգումներու գործադրութեան մէջ Լիբանանի լրջութիւնը:
«Աշխարհը մեզի օժանդակեց «Փարիզ 1», «Փարիզ 2» եւ «Փարիզ 3» խորհրդաժողովներուն ընդմէջէն եւ անոր իրաւունքն է իմանալ ու ճշդել արձանագրուած նիւթական եւ տնտեսական փլուզման դրդապատճառները», ընդգծեց նախագահ Աուն:



