Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հէյլին Հաստատեց Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարեւորութիւնը

April 16, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը:

Առաւօտեան Հէյլ ուղղուեցաւ Պաապտա` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն Հէյլին հաստատեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին վերաբերող բանակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով բանակցութիւններուն ընթացքին պարկեշտ եւ արդար միջնորդի ամերիկեան դերակատարութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր կեցուածքը զարգացնելու ըստ իր շահերուն, ինչպէս նաեւ յարմարելով միջազգային օրէնքին եւ իր սահմանադրութեան ճշդած կանոններուն:

Նախագահ Աուն պահանջեց միջազգային մասնագէտներ տրամադրել` ծովային սահմանագծումի առումով, ինչպէս նաեւ յանձնառութիւն յայտնել նաւթի ու բնական կազի ոչ մէկ պեղում կամ արտահանում կատարելու Քարիշի եւ սահմանամերձ շրջաններու նաւթահորերուն մէջ:

Ան յայտնեց, որ ինք Լիբանանի գերիշխանութեան, իրաւունքներուն եւ լիբանանեան շահերուն տէր պիտի կանգնի` ընդգծելով, որ սահմանագծումին իմաստով լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութիւնը կարեւոր է:

Իր կարգին, Հէյլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի զօրակցութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները տուժած են եւ կը տառապին, որովհետեւ կան ղեկավարներ, որոնք ձախողած են իրենց յանձնառութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` տնտեսական հարցերու լուծումով:

«Այսօր կարելիութիւն կայ կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն ունի կասեցնելու երկրին փլուզումը եւ կատարելու ամբողջական բարեկարգումներ: Նման կառավարութիւն պիտի արժանանայ մեր զօրակցութեան», ըսաւ ան:

Հէյլ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են դիւրացնելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը եւ տրամադրելու մասնագէտներ, որոնք ատակ են օժանդակելու այդ թղթածրարի լուծման:

Հէյլ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հէյլ Տիապին յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին մտահոգութիւնը` Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը չկազմելու առումով:

Քննարկուեցան երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Տիապ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ կը լուծէ տարբեր տեսակի տագնապները, ինչպէս նաեւ կը կատարէ բարեկարգումներ` կառավարութեան մշակած ծրագիրին գործադրութենէն սկսեալ:

Հէյլ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն հետ քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային իրադարձութիւնները:

Հէյլ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանի մէջ անյապաղ նոր կառավարութեան կազմութեան եւ անմիջապէս բարեկարգումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Ռայի Հէյլին ներկայացուց չէզոք կեցուածքին եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի մը մասին իր առաջարկը:

Պքերքէի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռայի պատրիարքը այս իմաստով յուշագիր մը յանձնած է Հէյլի: Յուշագիրին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, Լիբանանի մէջ միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան, պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակելու եւ զօրակցելու Լիբանանին, որպէսզի ան շրջանցէ իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:

Հէյլ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հէյլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապը:

Հէյլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ . «Լիբանանի Մէջ Ներկայիս Դժուար Է Մասնագէտներու Կառավարութիւն Կազմել` Պահանջուած Բարեկարգումները Գործադրելու Համար» Շեշտեց Հարիրի

Յաջորդը

Հայ Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Կոչով Բողոքի Լուռ Նստացոյցեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.