Լիբանանեան

Հաղորդագրութիւն.  Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները  Կը Վերահաստատեն Հայկական Պահանջատիրութեան  Անժամանցելիութիւնը

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը երեքշաբթի, 27 ապրիլին:

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, այսօր՝ 24 ապրիլ 2021-ին,  այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն։ Նախագահ Աունի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն արաբերէնով ընթերցեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ըսելով....

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական  Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու  «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Նոր վարչապետի նշանակումէն վեց ամիս ետք, Լիբանան տակաւին կը տապլտկի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական ու  առողջապահական մտահոգիչ վերիվայրումներու մէջ: Վերջին օրերու դատական հայցերու հետապնդման քայլերը, հակառակ իրենց ստեղծած խոստմնալից տպաւորութեան, դժբախտաբար շուտով վերածուեցան ապահովական խաղաքարտի` սպառնալով երկիրը մղել դէպի իսկական փլուզում: Հոսկէ` տարբեր կողմերու ղեկավարներու անհատական ճիգերը, հարցերը հարթելու իրենց «սեփական» նախաձեռնութիւններով: Սակայն այս բոլորին առընթեր, նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի...

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին,  ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Այցելութիւն Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Նաթան արք. Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկ ժամ...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Դատական Զարգացումներու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Կը Դառնայ Առաւել Եւս Հրատապ

Վերջին օրերուն դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու «անհետացման» ծալքերուն հետապնդման ծիրին մէջ բարձրացած աղմուկն ու անոր ընկերացող այլազան կողմերու կեցուածքները հետզհետէ սկսան «կծիկը քակել» ու թափանցել այս հարցին տարբեր ճիւղաւորումներուն` սապառնալով դատականի կողքին ազդել նաեւ երկրի քաղաքական առանց այդ ալ լարուած տարակարծութիւններուն եւ տիրող ընկերային-տնտեսական անբաղձալի իրավիճակին վրայ: Փաստօրէն, երէկ դարձեալ ապահովական «թեթեւ» բախում արձանագրուեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ,...

Ընդառաջելով Պքերքէի   Ընթրիքի Հրաւէրին`  Պասիլ. «Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ,  Որպէսզի Կառավարութիւնը Կազմուի»

Ընդառաջելով Պքերքէի Ընթրիքի Հրաւէրին` Պասիլ. «Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ, Որպէսզի Կառավարութիւնը Կազմուի»

«Մենք ամէն գնով պիտի շարունակենք վկայել վասն ճշմարտութեան ու մենք քաջ կը հաւատանք, որ գինը սուղ է, սակայն նաեւ գիտենք, որ իրաւունքը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ եւ ճշմարտութիւնն է, որ կը փրկէ ժողովուրդները մեծ ճգնաժամերու ընթացքին», յայտնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլ երէկ Պքերքէ տուած իր այցելութեան առիթով: Մարոնիներու Ռայի պատրիարքի հրաւէրին ընդառաջելով Պքերքէ...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հասաւ Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Կարէն Գիլոյեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի հետ: Բարի գալուստի հանդիպումին ընթացքին Վ. Օհանեան-Գէորգեան եւ Կ. Գիլոյեան քննարկեցին...

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Հակառակ Տեղքայլի Մթնոլորտին` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ճիգերը Կը Շարունակուին Լուսարձակէ Հեռու

Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով «սպիտակ ծուխը» տակաւին չէ բարձրացած: Այս գծով մեկնաբաններու դրական յուսադրիչ եւ ժխտական-յուսալքիչ կեցուածքները կը շարունակուին: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ամրագրելու բանակը նիւթապէս ու բարոյապէս եւ զայն չէզոք պահելու անցնող իրադարձութիւններէն: «Կը թուի, թէ շրջանային հակամարտութիւնը կը սաստկանայ Լիբանանի դէմ», գրեց ան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ` թելադրելով դադրեցնել առեւտրականներուն զօրակցութիւնը եւ...

Շարունակելով «Մքաթթաֆ»-ի  Հետապնդման Իր Քայլերը`  Դատախազ Ղատա Աունի Հարցը  Փոխանցուեցաւ Հետաքննիչ Ատեան

Շարունակելով «Մքաթթաֆ»-ի Հետապնդման Իր Քայլերը` Դատախազ Ղատա Աունի Հարցը Փոխանցուեցաւ Հետաքննիչ Ատեան

Մեթնի վերադատ ատեանի նախագահ, դատախազ Ղատա Աուն երէկ ներկայացաւ Դատական գերագոյն ատեան եւ իր տեսակէտը պարզեց «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր ձեռնարկած դատական հետապնդման զարգացումներուն գծով: Ատեանը յետմիջօրէին հրապարակած հաղորդագրութեամբ որոշեց որ դատախազ Աուն պիտի շարունակէ «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր դատական հայցը` միաժամանակ Աունէն պահանջելով յանձնառու մնալ Դատական գերագոյն ատեանի այս գծով արձակած հրահանգներուն: Ժողովականները դատախազ Ղատա Աունին հարցը փոխանցեցին Դատական...

Նախագահ Աունի Յատուկ Ներկայացուցիչ`  Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այսօր Կը Մեկնի Երեւան

Նախագահ Աունի Յատուկ Ներկայացուցիչ` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այսօր Կը Մեկնի Երեւան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այսօր կը մեկնի Երեւան: Նշենք, որ երէկ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանը: Քննարկուեցան Երեւան այցելութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկներուն նախագահ Աունը ներկայացնելու վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Տիապ Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն  Իրենց Դռները Բանալու Լիբանանի Առջեւ

Տիապ Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն Իրենց Դռները Բանալու Լիբանանի Առջեւ

«Ներկայիս Լիբանան կը թեւակոխէ մութ փապուղի մը ո՛չ միայն ելեկտրական հոսանքի չգոյութեան պատճառով, այլեւ` տնտեսական ու ապրուստի անցուկ պայմաններուն բերումով», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ` երէկ երեկոյեան արտասանած իր խօսքին մէջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը գտնուի համատարած փլուզումի եզրին, եւ անհրաժեշտ նկատեց արտաքին, յատկապէս արաբ եղբայրական օժանդակութեանց ներդրումը: Ան բարձր գնահատեց քաթարցի վարիչներուն ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը` նշելով, որ իր...

Շուքի Մէջ Ձգելով Քաղաքական  Թնճուկի Լուծման Ճիգերը.  Երկրի Դատական Մարզը Իր Վրայ  Կեդրոնացուց Լուսարձակները

Շուքի Մէջ Ձգելով Քաղաքական Թնճուկի Լուծման Ճիգերը. Երկրի Դատական Մարզը Իր Վրայ Կեդրոնացուց Լուսարձակները

Թեր եւ դէմ կեցուածքներու մթնոլորտին մէջ երէկ լուսարձակները  կեդրոնացան երկրի դատական մարզին վրայ. Մեթնի վերադատ ատեանի նախագահ դատախազ Ղատա Աունի առած քայլերը սուր բանավէճի դուռ բացին ժողովրդային, դատական թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ համակիրներու երկու անջատ խումբեր համախմբուեցան Արդարութեան պալատի մուտքին: Կողմերէն խումբ մը եկած էր զօրակցելու իր կորսուած գումարներու հետապնդման լծուած`...

Դրական Ու Ժխտական Կեցուածքներու  Մակընթացութեան Միջեւ.  Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը`  Սպասողական Վիճակի Մէջ

Դրական Ու Ժխտական Կեցուածքներու Մակընթացութեան Միջեւ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը` Սպասողական Վիճակի Մէջ

Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին չեն հասունցած եւ կը սպասեն առաւել գործնական ու արդիւնաւէտ քայլերու: Խորքին մէջ, այս գծով զգալի տարակարծութիւն կը տիրէ առնչակից կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, մէկէ աւելի քաղաքական մեկնաբաններ անհաւանական նկատեցին կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը` տալով իրենց հիմնաւորումները: Ինչպէս նաեւ քաղաքական թէ հոգեւոր անձնաւորութիւններ դարձեալ շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ...

Քանայի Սպանդին 25-Ամեակին Առիթով «Չենք Մոռնար Եւ Չենք Լռեր»

Քանայի Սպանդին 25-Ամեակին Առիթով «Չենք Մոռնար Եւ Չենք Լռեր»

11-էն 18 ապրիլ 1996-ին Լիբանանի հարաւային Քանա, Մանսուրէ եւ Նապաթիէ շրջանները թիրախ դարձան իսրայէլեան բուռն յարձակումի` պատճառելով նիւթական վնասներ եւ մարդկային զոհեր: Սակայն այդ յարձակման ամէնէն ահաւորը կատարուեցաւ 18 ապրիլ 1996-ին, երբ իսրայէլեան օդանաւ մը ռմբակոծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի պատկանող կեդրոն մը` սպաննելով հոն ապաստանած 106 անմեղ քաղաքացիներ: Չարաբաստիկ այդ սպանդէն քառորդ դար ետք, լիբանանցիք եւ յատկապէս հարաւցիք խոր վիշտով կը յիշեն...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Զահլէի Առաջնորդին

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Զահլէի Առաջնորդին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Նազարէթ Անտէքեանի, այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդ Նիքոլա եպս. Հաքիմ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Պեքաայի մարզական ակումբներու եւ երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցելու...

Դատական Մարզին Մէջ  Նախընթաց Մը Պարզելով`   Դատաւոր Ղատա Աունի Ձեռնարկած  Քայլերը Որոշ Աղմուկ Կը Բարձրացնեն

Դատական Մարզին Մէջ Նախընթաց Մը Պարզելով` Դատաւոր Ղատա Աունի Ձեռնարկած Քայլերը Որոշ Աղմուկ Կը Բարձրացնեն

Լիբանանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած ու ցարդ «անհետացած» գումարներու ճակատագիրի որոնման հետքերով` Մեթնի դատախազ  Ղատա Աունի վերջերս ձեռնարկած հետապնդումի քայլերը որոշ աղմուկ բարձրացուցին ժողովրդային թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, դատախազ Աուն յատուկ որոշումով փակել տուաւ Պէյրութի արուարձաններէն Աուքարի «Մքաթթաֆ» լումայափոխի եւ գումարներու փոխանցման հաստատութիւնը` պահանջելով հոն գտնուող համակարգչային տեղեկութիւններու ծրարը, առ ի քննութիւն: Անոր այս քայլին զօրակցեցան յատկապէս իրենց տարիներու...

Հակառակ Պատուաստի Ներարկման  Դանդաղ Յառաջընթացին.  «Քորոնա»-ով Վարակումներու  Թիւի Թեթեւ Նահանջ` Լիբանանի Մէջ

Հակառակ Պատուաստի Ներարկման Դանդաղ Յառաջընթացին. «Քորոնա»-ով Վարակումներու Թիւի Թեթեւ Նահանջ` Լիբանանի Մէջ

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութեանց համաձայն, անցնող 24 ժամերուն Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա»-ով 1900 վարակումի եւ 39 մահուան պարագաներ: Այս գծով «Քորոնա»-ի յանձնախումբի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ պատուաստի երկրորդ ներարկումը առայժմ առկախուած է` նկատի ունենալով, որ առաջին պատուաստը 80 առ հարիւր համեմատութեամբ կը վանէ վարակի վտանգը: Ան նաեւ յայտնեց, որ «Քորոնա»-ով վարակուած պարագաները վարակումէն առնուազն երեք ամիս ետք կրնան ստանալ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` լիբանանցիները փրկելու համար իրենց դիմագրաւած տագնապէն: ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ այցելած ըլլար նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, ապա...

Երեւանի Մէջ   Վ. Օհանեան-Գէորգեան  Պիտի Ներկայացնէ Նախագահ Աունը

Երեւանի Մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան Պիտի Ներկայացնէ Նախագահ Աունը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որմէ ստացաւ պաշտօնական հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 24 ապրիլ 2021-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ձեռնարկներուն: Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Աթաբէկեանին` անոր յայտնելով, որ յանձնարարած է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին` Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք միջոցառումներուն մասնակցելու իբրեւ հանրապետութեան նախագահի...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահ Աունի Եւ Նահատակ Հրշէջներու Հարազատներուն Միջեւ Հանդիպումը Ի Զօրու Է

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը թիրախ կը դառնայ արշաւի մը` նկատել տալով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է ապատեղեկատուութիւն, թէ նախագահ Աուն կը մերժէ նահատակ հրշէջներուն հարազատները ընդունիլ: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ նախագահական պալատէն հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը կապ հաստատուած է նահատակ հրշէջներուն հարազատներուն հետ հանդիպումը համադրող Անթոնելլա Հըթթիի հետ, որպէսզի անոր...

Page 419 of 988 1 … 418 419 420 … 988

Արխիւներ