Լիբանանեան

Սամի Ժեմայէլ. «Քաղաքացիական Պատերազմով  Սպառնացողին Եւ Մեր Պետութիւնը Իր Զէնքով  Պատանդ Վերցնողին Կ՛ըսենք. Բա՛ւ Է»

Սամի Ժեմայէլ. «Քաղաքացիական Պատերազմով Սպառնացողին Եւ Մեր Պետութիւնը Իր Զէնքով Պատանդ Վերցնողին Կ՛ըսենք. Բա՛ւ Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Անկախութեան թանգարանի շէնքին մէջ, Հարեթ Սախըր: «Փաղանգաւոր կուսակցութեան նահատակ»-ի օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Սամի Ժեմայէլ իր խոնարհումը յայտնեց քաղաքացիական պատերազմին զոհուած Փաղանգաւոր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին` յայտնելով, որ օրին մարդիկ ձգած են իրենց տունը, գործը, դպրոցն ու համալսարանը, որովհետեւ ուզած են պաշտպանել Լիբանանը եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1985 վարակուածներ եւ մահացած 35 ուրիշներ: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերադարձնելու համար Լիբանանի պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Ալի...

Դեսպան Աթաբէկեան Ուեհպէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Ուեհպէի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Զարգացման Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան  այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Լիբանան միջպետական ջերմ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակն ու այդ առումով նորագոյն իրադարձութիւնները։ Խօսակիցները շեշտեցին այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։  

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնները, եւ յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ գործակցութեան կարելիութիւններուն: Քննարկուեցան նաեւ համաձայնագիրի եւ գործադրութեան ծրագիրի մը ընդմէջէն փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու երիտասարդներուն եւ մարզական ակումբներուն առիթ ընծայելու կարելիութիւնները, որպէսզի...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Ազգային  Միասնականութեան Յղացքին Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Ազգային Միասնականութեան Յղացքին Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները ռամատանի առիթով: Այս առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորագիր մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ: Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու տնտեսական եւ ապրուստի տագնապները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Խազեն...

Նաժժար, Աքըր Եւ Տիապ Վաւերացուցին  Թիւ 6433 Հրամանագիրը

Նաժժար, Աքըր Եւ Տիապ Վաւերացուցին Թիւ 6433 Հրամանագիրը

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար երէկ ստորագրեց լիբանանեան ջուրերու տնտեսական շրջանի սահմաններուն վերաբերող բարեփոխուած հրամանագիրը` ստուգելէ ետք լիբանանեան բանակին եւ ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատրաստած տեղեկագիրն ու անոր կցուած քարտէսները: Նշենք, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ժողով մը, որուն մասնակցեցան ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատասխանատուներն...

Լրագրողներուն Եւ Այլ Մարզերու  Պաշտօնեաներուն  Պատուաստումը Պիտի Սկսի  Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին

Լրագրողներուն Եւ Այլ Մարզերու Պաշտօնեաներուն Պատուաստումը Պիտի Սկսի Երկուշաբթի, 19 Ապրիլ 2021-ին

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատի, երէկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ լրագրողները, ապահովական կառոյցներու եւ պաշտօնական մարզի պաշտօնեաները պատուաստելու արշաւը պիտի սկսի երկուշաբթի, 19 ապրիլ 2021-ին: Պատուաստումը պիտի կատարուի Լիբանանեան համալսարանի Հատասի կեդրոնին մէջ: Պիտի տրամադրուի «Սինոֆարմ» պատուաստը, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Չինաստանէն նուէր ստացած էր: Պատուաստումը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ ռամատանի առաջին օրը կը զուգադիպի վաղուան` չորեքշաբթի, 14 ապրիլ 2021-ին: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1008 վարակուածներ եւ մահացած 42 ուրիշներ: ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը 300 լ. ոսկիով սղած է, իսկ 98 օքթանը` 400...

Կառավարութեան Կազմութիւնը  Առկախուեցաւ

Ոչ Ոք Կ՛անդրադառնայ Կառավարութեան Կազմութեան Նիւթին, Իսկ Ամերիկեան Տոլարին Սակը Սկսած Է Դարձեալ Բարձրանալ

Մինչ ամերիկեան տոլարին արժէքը սկսած է դարձեալ բարձրացում արձանագրել եւ աւելի եւս սարսափեցնել քաղաքացիները, կառավարութեան կազմութեան նիւթը շրջանառութեան մէջ անգամ չէ: Ոչ թէ քննարկումի կամ խորհրդակցութեան մակարդակի մասին է խօսքը, այլ պարզապէս կառավարութեան կազմութեան նիւթին անդրադառնալու կամ զայն շօշափելու մասին... Երկրին մէջ տիրող այս ճշմարտութեան զուգահեռ, Միջազգային դրամական ֆոնտը երէկ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի նոր կառավարութեան մը` գործադրելու համար...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Նշանակուած Վարչապետը Դիտմամբ Կ՛ուշացնէ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ նշանակուած վարչապետը դիտմամբ կ՛ուշացնէ կառավարութեան կազմութիւնը: «Նշանակուած վարչապետը ձախողեցուց նաեւ ֆրանսական վերջին ճիգը: Ան պէտք է լուրջ եւ ամբողջական կազմ մը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին, եւ այդ պարագային է, որ պիտի դրսեւորուին անոր իսկական միտումները, որոնք են կառավարութեան...

Աքըր. «Ճիգ Պիտի Չխնայենք Բանակայիններուն  Արժանապատիւ Կեանք Եւ Բժշկական  Խնամք Ապահովելու Իմաստով»

Աքըր. «Ճիգ Պիտի Չխնայենք Բանակայիններուն Արժանապատիւ Կեանք Եւ Բժշկական Խնամք Ապահովելու Իմաստով»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին այցելեց Աքքարի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի զօրամասերը: Աքըր իր շրջապտոյտը սկսաւ Ռաս Պաալպեքի բանակի սահմանապահներու Բ. զօրամասէն, ապա ուղղուեցաւ դէպի այլ զօրանոցներ, ուր ընդունուեցաւ զինուորական արարողակարգերով: Իւրաքանչիւր զօրամասի մէջ Աքըր հանդիպումներ ունեցաւ ջոկատներու պետերուն հետ եւ լսեց անոնց բացատրութիւնները իրենց ջոկատներուն եւ զօրամասին դերակատարութեան, պարտականութիւններուն, զինուորական կարողութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական այս վատթար կացութեան...

Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական  Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու  Նպատակով Տարուող Միացեալ Աշխատանքի»

Ռայի Պատրիարք. «Այս Ժամանակաշրջանը Քաղաքական Պայքարի Համար Չէ, Այլ` Երկիրը Փրկելու Նպատակով Տարուող Միացեալ Աշխատանքի»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին դուրս գալու իրենց կասկածամտութենէն եւ ընդունելու ճշմարտութիւնը: «Կասկածներու պատճառով այս կամ այն անհատին կամ հաստատութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները ամօթալի են եւ պատճառ կը դառնան, որ իր հաստատութիւններուն եւ պետութեան դէմ ժողովուրդին վստահութիւնը լրիւ վերանայ», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը...

Թարեք Պիթար. «Ռաուլ Նաամէէն  Ոչ Մէկ Նամակ Ստացած Եմ»

Թարեք Պիթար. «Ռաուլ Նաամէէն Ոչ Մէկ Նամակ Ստացած Եմ»

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար շաբաթավերջին յայտնեց, որ ինք պաշտօնապէս ոչ մէկ նամակ ստացած է տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէէն: Պիթար յայտնեց, որ իր եւ Նաամէի միջեւ որեւէ նամակագրութիւն պէտք է կատարուի արդարութեան նախարարութեան ընդմէջէն` աւելցնելով, որ նման բան չէ կատարուած: Պիթար նշեց,...

Ժամալիէի Եւ Քֆարզապատի Մէջ Բանակը Գրաւեց  Թմրեցուցիչ Եւ Զէնքեր  Ու Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Ժամալիէի Եւ Քֆարզապատի Մէջ Բանակը Գրաւեց Թմրեցուցիչ Եւ Զէնքեր Ու Կատարեց Ձերբակալութիւններ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պաալպեքի Ժամալիէ շրջանին մէջ կատարած է ներխուժումներ եւ բացայայտած թմրեցուցիչի գործարան մը: Գործարանին մէջ գտնուող թմրեցուցիչը, զէնքերը, ինչպէս նաեւ գործարանին բոլոր գործիքներն ու սարքերը գրաւուած են, իսկ երկու կասկածելիներ` ձերբակալուած: Միւս կողմէ, բանակը Պեքաայի Քֆարզապատ շրջանին մէջ կատարած է մեծ թիւով ձերբակալութիւններ այնպիսի կասկածելիներու, որոնք կրնան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2213 վարակուածներ եւ մահացած 31 ուրիշներ: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին կոչ ուղղեց, որ գործերը գերակշռեն խօսքերն ու հակազդեցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ փտածութեան աւերակներուն տակէն Լիբանանի յարութիւնը ապահովել: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս կիրակի օրուան...

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ  Պատուաստ Արտադրելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստ Արտադրելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Հուպալլա ընդգծեց իրաւական հաշուեքննութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին սկսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքը պիտի քանդէ Լիբանանի կարողութիւնները եւ երկիրը պիտի առաջնորդէ այնպիսի վայրեր, ուր կացութիւնը անհանդուրժելի կրնայ դառնալ: Հուպալլա...

Զաքի. «Լիբանան Այցելութեանս  Նպատակը Կարելի Չեղաւ Իրականացնել»

Զաքի. «Լիբանան Այցելութեանս Նպատակը Կարելի Չեղաւ Իրականացնել»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի երէկ շարունակեց լիբանանցի ղեկավարներուն եւ հոգեւոր պետերուն հետ իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին ան շարունակեց ընդգծել Արաբական լիկային պատրաստակամութիւնը զօրակցելու Լիբանանին: Զաքի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները: Ան նկատել տուաւ, որ չէզոքութեան մասին Ռայի պատրիարքին կեցուածքները կը համընկնին Արաբական լիկայի կեցուածքներուն` նկատի...

Ուազնի Կեդրոնական Դրամատան Պատասխանները  Յղեց «Ալվարեզ Էնտ Մարսըլ» Ընկերութեան

Ուազնի Կեդրոնական Դրամատան Պատասխանները Յղեց «Ալվարեզ Էնտ Մարսըլ» Ընկերութեան

Մինչ Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ միացեալ հաղորդագրութեամբ մը անհրաժեշտ կը նկատեն, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները գործադրեն ժողովուրդի շահերուն ծառայող իսկական բարեկարգումներ, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն կը խոստանայ անոնց գումարները փրկել, եթէ քաղաքական-տնտեսական լուծումը անմիջապէս սկսի: Միւս կողմէ, Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Փոլ Թուզէն, որուն հետ քննարկեց ֆրանսական...

12 Ապրիլէն Սկսեալ Կրակմարի Դրութիւնը  Կը Սկսի Երեկոյեան Ժամը 9:30-Էն`  Մէկ Ամսուան Համար

12 Ապրիլէն Սկսեալ Կրակմարի Դրութիւնը Կը Սկսի Երեկոյեան Ժամը 9:30-Էն` Մէկ Ամսուան Համար

Լիբանանի մէջ Աղէտները հակակշռելու ազգային խորհուրդի գործադիր գրասենեակը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ երկրին մէջ «Քորոնա» համաճարակին իրականութիւնը քննելէ ետք խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ երկուշաբթի, 12 ապրիլ 2021-էն սկսեալ կրակմարի դրութիւնը սկսի երեկոյեան ժամը 9:30-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00` մէկ ամսուան համար: Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին այն անհատները, որոնք բացառութիւն կը նկատուին, իսկ անոնք, որոնք...

Ֆահմի. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքացիական  Պատերազմ Բռնկելու Վտանգ Չկայ»

Ֆահմի. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմ Բռնկելու Վտանգ Չկայ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները: Ֆահմի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան հասարակութեան մօտ ապահովական սանձարձակութիւնը որեւէ ժամու ընթացքին եւ որեւէ վայրի մէջ կրնայ բռնկիլ: Միւս կողմէ, Ֆահմի նշեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը...

Page 421 of 988 1 … 420 421 422 … 988

Արխիւներ