Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան Բ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան հեռանկարները:



