Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն յանձնեց ծովային սահմանագծումին մասին Լիբանանի կեցուածքը ճշդող յուշագիր մը, որ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ սուրիական իշխանութիւններուն ծովային սահմաններու միջազգային օրէնքին հիման վրայ բանակցելու այն շրջաններուն մասին, որոնք կը գտնուին եղբայրական յարաբերութիւններ ունեցող երկու երկիրներուն միջեւ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի յայտնեց, որ Ուեհպէի հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է մտերմիկ, անոր ընթացքին քննարկուած են Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծումի վերջին զարգացումները:
Ալի շեշտեց, որ Լիբանան Սուրիոյ համար սիրելի եւ եղբայր երկիր է, «ու ինչ որ վնաս կը պատճառէ անոր, կը վնասէ նաեւ Սուրիոյ», ըսաւ ան:
Ալի նկատել տուաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը Լիբանանի համար ծանր բեռ է` ընդգծելով, որ Սուրիա մեծ թիւով դիւրութիւններ ընծայած է տունդարձ կատարել փափաքող տեղահանուածներուն: Ան նշեց, որ այդ թղթածրարը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւն կ՛ենթադրէ:
Ան յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի ներկայացնէ ծովային սահմաններուն շուրջ բանակցութիւն կատարելու իմաստով երկու երկիրներու միացեալ յանձնախումբին աշխատանքը աշխուժացնելու Լիբանանի փափաքը` աւելցնելով, որ Սուրիան միշտ ալ կ՛ողջունէ Լիբանանի հետ համագործակցութիւնն ու աշխատանքի համադրումը:



