Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու աւագ խորհրդական զօր. Մարթին Սեմսընը եւ անոր ընկերակցող բրիտանական պատուիրակութիւնը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Մարթին Լոնկտըն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր մարզերուն, յատկապէս պաշտպանութեան մարզին պարագային:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նոր կառավարութեան առաջին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ բարեկարգումներու գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ իրաւական հաշուեքննութեան հոլովոյթին հետեւողական հսկողութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ այս քայլերը հիմնական են, որովհետեւ անոնք Լիբանանի նկատմամբ միջազգային, յատկապէս Լիբանանի տնտեսական զարթօնքի ծրագիրին նպաստող միջազգային ֆոնտերուն վստահութիւնը կը վերականգնեն:
Նախագահ Աուն զօր. Սեմսընին շնորհակալութիւն յայտնեց երկրին արեւելեան եւ հիւսիսային սահմանները պաշտպանելու նպատակով Բրիտանիոյ կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններուն, յատկապէս Բրիտանիոյ կառուցած սահմանային հսկողութեան 79 աշտարակներուն, ինչպէս նաեւ բանակին տրամադրուած զրահապատ ինքնաշարժներուն եւ բանակին հետ կատարուած միացեալ ռազմափորձերուն համար:



