Կեդրոնական դրամատունը երէկ «նպաստի քաղաքականութեան» մասին նամակ մը յղեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի:
Նամակին մէջ ընդգծուեցաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ պատկերացում մը ունենայ նպաստի քաղաքականութեան մասին:
«Այդ պատկերացումը պէտք է ըլլայ յստակ, ինչպէս նաեւ պէտք է վերջ տայ արձանագրուած մսխումին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշի պահեստը, ինչպէս նաեւ աշխատիլ ապահովելու համար օտար դրամանիշով ներածումները երաշխաւորելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցիլ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքային հետ` նկատի ունենալով դատական այն հարցերը, որոնք կրնան յարուցուիլ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի կողմէ` իբրեւ նախազգուշութիւն այդ քայլէն բխելիք օրինական վտանգներուն», կը նշէ նամակը:
Կեդրոնական դրամատունը մաղթեց, որ Ուազնի ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին յստակ եւ անկեղծ պատասխաններ տայ այս իմաստով:



