Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատական Մարզին Մէջ Նախընթաց Մը Պարզելով` Դատաւոր Ղատա Աունի Ձեռնարկած Քայլերը Որոշ Աղմուկ Կը Բարձրացնեն

Ապրիլ 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան դրամատուներու մէջ պահ դրուած ու ցարդ «անհետացած» գումարներու ճակատագիրի որոնման հետքերով` Մեթնի դատախազ  Ղատա Աունի վերջերս ձեռնարկած հետապնդումի քայլերը որոշ աղմուկ բարձրացուցին ժողովրդային թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, դատախազ Աուն յատուկ որոշումով փակել տուաւ Պէյրութի արուարձաններէն Աուքարի «Մքաթթաֆ» լումայափոխի եւ գումարներու փոխանցման հաստատութիւնը` պահանջելով հոն գտնուող համակարգչային տեղեկութիւններու ծրարը, առ ի քննութիւն: Անոր այս քայլին զօրակցեցան յատկապէս իրենց տարիներու աշխատանքի արգասիքն ու հասոյթը նկատուող գումարներու սեփականատէրերը, որոնք հակառակ բազմաթիւ դիմումներու, ցարդ չեն կրցած վերստանալ իրենց պահ դրած ամերիկեան տոլարի գումարները:

Իր տեսակին մէջ նախընթաց մը կազմելով` անցնող քանի մը օրերուն դատախազ Աունի այս քայլը խնդրայարոյց նկատուեցաւ եւ բուռն քննադատութեան թիրախ դարձաւ կարգ մը շրջանակներու կողմէ: Այս բոլորի լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ Դատական գերագոյն ատեանը արտակարգ նիստ մը գումարելով վճռէ այս հարցին լուծումը: Սակայն իրազեկ կողմեր անհաւանական նկատեցին Աունի դէմ պատժական որեւէ որոշումի տնօրինումը` նկատի ունենալբով, որ նման որոշում պէտք է ստանայ նշեալ ատեանի տասը անդամներէն առնուազն ութին հաւանութիւնը, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ, որովհետեւ ատեանի կազմին թիւը ներկայիս տասի փոխարէն ութն է:

Նշենք, որ դատական պատկան մարմինը արտակարգ որոշումով դատախազ Աունը զերծ կացուցեց այս թղթածրարի հետապնդումէն եւ նշանակեց զինք փոխարինող այլ դատախազ մը: Այսուհանդերձ դատախազ Աուն շարունակեց իր քայլը եւ շաբաթավերջին  դարձեալ  խուզարկեց նշեալ հաստատութիւնը` ընկերակցութեամբ իրեն զօրակցող քաղաքացիական «Մութթահիտուն» շարժումի համակիրներուն:

Այս գծով հայեացքները ուղղուած են դատական մարզին, ուր Դատական գերագոյն ատեանը, արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատարը եւ առնչակից մարմիններ արտակարգ հանդիպումներով պիտի վճռեն այս հարցին լուծման կարելիութիւնները, ուր խնդրոյ առարկայ կը նկատուի նոյնինքն դատախազ Աունի` դատական ասպարէզին մէջ իր պաշտօնը շարունակելու կամ դադրելու հաւանականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հակառակ Պատուաստի Ներարկման Դանդաղ Յառաջընթացին. «Քորոնա»-ով Վարակումներու Թիւի Թեթեւ Նահանջ` Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Զահլէի Առաջնորդին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?