ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը` լիբանանցիները փրկելու համար իրենց դիմագրաւած տագնապէն:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ այցելած ըլլար նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, ապա կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կարելի կ՛ըլլար արագացնել:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ անկախ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան մը կազմութիւնը` վարչապետէն սկսեալ մինչեւ վերջին նախարարը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի Լիբանան կատարելիք այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ այս փուլին անկարելի է դպրոցները վերաբանալ` աւելցնելով, որ աշակերտները պէտք է զերծ կացուցել պրէօվէի պետական քննութենէն:


