Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Եւ Նահատակ Հրշէջներու Հարազատներուն Միջեւ Հանդիպումը Ի Զօրու Է

April 17, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը թիրախ կը դառնայ արշաւի մը` նկատել տալով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած է ապատեղեկատուութիւն, թէ նախագահ Աուն կը մերժէ նահատակ հրշէջներուն հարազատները ընդունիլ:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ նախագահական պալատէն հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը կապ հաստատուած է նահատակ հրշէջներուն հարազատներուն հետ հանդիպումը համադրող Անթոնելլա Հըթթիի հետ, որպէսզի անոր բացատրուի, թէ  նախագահ Աունի հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին թուականը պիտի փոխուի:

«Հանրապետութեան նախագահը, որ օրական դրութեամբ կը հետեւի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին, կը հաստատէ, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հետաքննութեան արդիւնքները բացայայտելու, պատասխանատուները ճշդելու եւ արդար դատավարութեամբ յանցագործները պատժելու:

Նախագահ Աունի եւ նահատակ հրշէջներու հարազատներուն միջեւ հանդիպումը ի զօրու է, եւ այդ մասին անոնք տեղեակ պիտի պահուին: Նահատակ հրշէջներուն հարազատները պէտք չէ արտօնեն, որ անոնց ցաւն ու կսկիծը շահագործուին` այլ նպատակներ իրականացնելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք պիտի շարունակէ իր պատասխանատուութիւնները ստանձնել, ինչքան ալ որ մարդիկ պատճառաբանեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ բոլոր նախարարները ճշդելու առումով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի պահանջը անիրագործելի է եւ նոր կազմուելիք կառավարութեան խորհրդարանի վստահութեան քուէ չ՛ապահովեր:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ողջունեց Մարզական Լրագրողներուն Պատուաստումը

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան Պիտի Ներկայացնէ Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.