Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին չեն հասունցած եւ կը սպասեն առաւել գործնական ու արդիւնաւէտ քայլերու: Խորքին մէջ, այս գծով զգալի տարակարծութիւն կը տիրէ առնչակից կողմերուն միջեւ: Արդարեւ, մէկէ աւելի քաղաքական մեկնաբաններ անհաւանական նկատեցին կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը` տալով իրենց հիմնաւորումները: Ինչպէս նաեւ քաղաքական թէ հոգեւոր անձնաւորութիւններ դարձեալ շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ իր կիրակնօրեայ պատգամին մէջ վերահաստատեց մասնագէտ անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութեան կազմութեան իր կոչը` ընդգծելով, որ պահանջուածը լիբանանցիներու տնտեսական մտահոգութիւնները դարմանելու կոչուած կառավարութիւն է եւ ոչ թէ «կողմերու պահանջը գոհացնող նախարարներու հաւաք»: «Լիբանանցիք կը դիմակալեն տնտեսական բաց պատերազմ», շեշտեց Ռայի պատրիարքը: Նմանապէս, Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը քննադատեց պատկան իշխանութիւններու ցուցաբերած կեցուածքը` քաղաքացիներու հարցերուն լուծման գծով:
«Կառավարութեան կազմութեան ճիգերը արգելակող պատճառները անհատական հաշիւներով ու նկատառումներով ներքին են», յայտարարեց ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ: Ան յիշեցուց, թէ երկիրը կը գտնուի տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրի դիմաց, յատկապէս երբ յառաջիկայ մայիսին դադրի սննդեղէնի եւ ապրուստի տարրական կարգ մը նիւթերու աջակցութեան պետական նպաստի հայթայթումը` Կեդրոնական դրամատան նիւթական պահեստի գումարներու սպառման հետեւանքով: Խորհրդարանի նախագահին «աջ բազուկը» նկատուող եւ «Ամալ» շարժումի ղեկավարներէն դասուող նախկին նախարարը կառավարութեան կազմութեան գծով ամէնէն նպատակայարմարը նկատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը: Իսկ «հակադիր ճակատ»-ի աղբիւրներուն համաձայն, քաղաքական եւ դիւանագիտական քուլիսային խորհրդակցութիւնները չեն դադրած ու անոնք կը շարունակուին մէկէ աւելի ուղղութիւններով:
Այս ծիրին մէջ հայեացքները սեւեռած են այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք քաղաքական խորհրդակցութիւններուն վրայ, որոնց ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժպրան Պասիլ մօտերս այցելէ Մոսկուա: Արդարեւ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ զայն կանխած Հըզպալլայի եւ այլ կողմերու պատուիրակութիւններու այցելութենէն ետք Պասիլի այս այցելութիւնը կու գայ դրական ու խոստմնալից քայլ մը նկատուելու կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն գծով: Լրատուական աղբիւրներուն համաձայն, Պասիլ այս գծով պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ եւ «պատասխանէ» բոլոր կողմերուն հարցադրումներուն: Ռուսական իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, ռուսական յատուկ նախաձեռնութիւն չկայ, սակայն Ռուսիա կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան` պատրաստակամութիւն յայտնելով նպաստելու հարցերու բարեյաջող լուծման: Նոյն ծիրին մէջ, ուշագրաւ քայլով մը կը նախատեսուի, որ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս հինգշաբթի այցելէ Վատիկան, ուր պիտի տեսակցի Հռոմի պապին հետ, եւ բնականաբար խօսակցութեանց առանցքը պիտի կազմէ Լիբանանի այժմու իրավիճակը:
Տիապ Տոհայի Մէջ
Այս բոլորին առընթեր, նոյնքան ուշագրաւ քայլով մը, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Տիապ Տոհայի մէջ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ երկրի բարձրաստիճան ղեկավարներուն հետ: Խօսակցութիւնները երկկողմանի յարաբերութեանց կողքին պիտի կեդրոնանան նաեւ վառելանիւթի թղթածրարին վրայ: Վարչապետի իր պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր Լիբանանէն դուրս կատարած Տիապի պաշտօնական առաջին այս այցելութիւնը կ՛աւարտի վաղը` երեքշաբթի:
Արտաքին մակարդակի վրայ եւս հայեացքները ուղղուած են Եւրոպական Միութեան, ուր կը նախատեսուի, որ քննարկուին լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ պատժական տնօրինումներու հաստատման կարելիութիւնները: Այս ծիրին մէջ, նշեալ միութեան հաւաստի աղբիւր մը անհաւանական նկատեց նման քայլ մը` նկատի ունենալով, որ Եւրոպական Միութեան մէջ պատժական ծանրակշիռ որոշում մը անպայման պէտք է ստանայ միութեան լրիւ անդամներու հաւանութիւնը: Այսուհանդերձ, ֆրանսական աղբիւրներ զգուշացուցին, թէ Լիբանան իր ներկայ ընթացքով մտահոգիչ կացութեան կը մատնուի` կոչ ուղղելով պատկան կողմերուն անյապաղ ձեռնարկելու լուծման գործնական քայլերու:




