Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Հրատապ Հարցերը Հարթելու Հրամայական Պահանջը Առանցքային Օրակարգ` Ղեկավարներու «Սեփական» Նախաձեռնութիւններուն Մէջ

Ապրիլ 23, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր վարչապետի նշանակումէն վեց ամիս ետք, Լիբանան տակաւին կը տապլտկի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական ու  առողջապահական մտահոգիչ վերիվայրումներու մէջ: Վերջին օրերու դատական հայցերու հետապնդման քայլերը, հակառակ իրենց ստեղծած խոստմնալից տպաւորութեան, դժբախտաբար շուտով վերածուեցան ապահովական խաղաքարտի` սպառնալով երկիրը մղել դէպի իսկական փլուզում: Հոսկէ` տարբեր կողմերու ղեկավարներու անհատական ճիգերը, հարցերը հարթելու իրենց «սեփական» նախաձեռնութիւններով:

Սակայն այս բոլորին առընթեր, նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի դէպքերու հոլովոյթին եւ լուսարձակէ հեռու անհրաժեշտ ցուցմունքները կը կատարէ` երկիրը գահավիժումի սպառնալիքէն հեռու պահելու առաջադրանքով: Այս ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 22 ապրիլի կէսօրին, ան նախագահեց ապահովական սեղմ ժողովի` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու ներկայութեամբ: Օրակարգի առանցքային կէտը կեդրոնացած էր երկրի կայունութեան պահպանման եւ կարծիքի դրսեւորման ազատութեան վրայ, խաղաղ միջոցներու ծիրին մէջ: Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց իր ըմբռնումը քաղաքացիներու ցաւերուն, յատկապէս որ անոնք կորսնցուցած են իրենց սեփական գումարները եւ իրաւացի են իրենց արդար պահանջներուն մէջ: Միաժամանակ նախագահը շեշտեց անհատական թէ հաւաքական սեփականութիւններու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, որուն վրայ պէտք է կեդրոնանայ ապահովական ուժերու հիմնական պարտականութիւնը: Նախագահ Աուն այս գծով յիշեցուց, թէ ինք կը շեշտէ իրաւական հաշուեքննութեան կարեւորութիւնը, քանի որ այս ձեւով կարելի է ստուգել «կորսուած» գումարներու հետքը:

Միւս կողմէ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Վատիկանի մէջ Հռոմի քահանայապետին, Իտալիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումներուն առիթով ընդգծեց, որ ինք արտերկրի մէջ «շրջապտոյտի» ձեռնարկած է Լիբանանի փրկութեան համար արտաքին կողմերէն զօրակցութեան խնդրանքով, մինչ ուրիշներ Պաապտայի պալատին մէջ զբօսաշրջութիւն կը կատարեն, յայտնապէս ակնարկելով նախագահ Աունի` Պաապտայի պալատէն ձեռնարկած քայլերուն: Հարիրի այս առիթով դարձեալ քննադատեց նախագահ Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքները` զանոնք արգելակիչ ազդակներ նկատելով : Իսկ այլ խանգարիչ արգելքի մասին հարցումի մը անդրադառնալով` Հարիրի ըսաւ. «Բոլորը գիտեն, թէ ո՛վ է լուծման ճիգերը արգելակողը»:

Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ Ժըպրան Պասիլ Պքերքէի մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ քննեց օրուան հրատապ հարցերը: Այս առիթով Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ «խիստ դրական» որակեցին խօսակցութեանց մթնոլորտը: Իսկ Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց կողմերուն միջեւ համախոհութեան հաստատումը` երկիրը իր այժմու տագնապէն փրկելու համար, եւ այս գծով հիմնական նախաքայլ նկատեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան Այցելեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ԿԳՄՍ Նախարարին Եւ Ազգային Ժողով

Յաջորդը

107 Քոնկրեսականներ Պայտընին Յորդորած Են Կոտրել Ամօթալի Լռութիւնն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ Ըսել Ճշմարտութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?