Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Զահլէի Առաջնորդին

April 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան` ընկերակցութեամբ Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ Նազարէթ Անտէքեանի, այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդական փոխանորդ Նիքոլա եպս. Հաքիմ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Պեքաայի մարզական ակումբներու եւ երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցելու ճիգերը:

Տարուիշ եպիսկոպոս բարձր գնահատեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ճիգերը եւ իրագործած զօրակցութիւնն ու ներկայացուցած նեցուկը, հակառակ նախարարութեան համեստ կարողութիւններուն:

Առաջնորդ եպիսկոպոսը ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի պայմաններուն ընթացքին մարմնակրթութիւնն ու երիտասարդական միջոցառումները կը մնան շունչ եւ յոյս առթող միակ մարզերը` կառուցելու համար լիբանանցի երիտասարդութեան ապագան:

Հանդիպումին ընթացքին Տարուիշ եպիսկոպոսը պատմական ակնարկ մը կատարեց յոյն կաթողիկէ համայնքին գործունէութեան եւ առաջնորդարանին մատուցած ընկերային ծառայութիւններուն մասին:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան գիրքերու հաւաքածոյ մը նուիրեց առաջնորդարանի ելեկտրոնային գրադարանին: Ապա նախարարի պաշտօնակատարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Տարուիշ եպիսկոպոսին ընկերակցութեամբ շրջեցան առաջնորդարանին, անոր գրադարանին ու յարակից մասնաբաժիններուն մէջ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց կատարուած նորոգութիւնները եւ հմայուեցաւ հոն գտնուող արդիականութեամբ ու ելեկտրոնային գրադարանով, որ Լիբանանի համար իւրայատուկ է:

 

 

Նախորդը

Դատական Մարզին Մէջ Նախընթաց Մը Պարզելով` Դատաւոր Ղատա Աունի Ձեռնարկած Քայլերը Որոշ Աղմուկ Կը Բարձրացնեն

Յաջորդը

Քանայի Սպանդին 25-Ամեակին Առիթով «Չենք Մոռնար Եւ Չենք Լռեր»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.