Կը թուի, թէ կառավարութեան կազմութեան գծով «սպիտակ ծուխը» տակաւին չէ բարձրացած: Այս գծով մեկնաբաններու դրական յուսադրիչ եւ ժխտական-յուսալքիչ կեցուածքները կը շարունակուին: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ամրագրելու բանակը նիւթապէս ու բարոյապէս եւ զայն չէզոք պահելու անցնող իրադարձութիւններէն: «Կը թուի, թէ շրջանային հակամարտութիւնը կը սաստկանայ Լիբանանի դէմ», գրեց ան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ` թելադրելով դադրեցնել առեւտրականներուն զօրակցութիւնը եւ ապահովել քաղաքացիներու սննդեղէնի տոմսը, նախքան որ կառոյցը փուլ գայ:
Ժոմպլաթ յայտնապէս կ՛ակնարկէր վերջերս խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի բանակին ուղղած կոչին` երկրի ղեկը ստանձնելու գծով, ինչ որ ժխտական մթնոլորտ ստեղծած էր` պետական հարուածի կոչ ուղղելու տպաւորութիւն ձգելով:
Այսուհանդերձ քուլիսային եւ լուսարձակէ հեռու ճիգերը կը շարունակուին: Այս ծիրին մէջ «Ամալ» շարժումի եւ Հըզպալլայի պատուիրակութեանց միացեալ հանդիպումի մը ընթացքին ժողովականները շեշտեցին կառավարութեան կազմութեան գծով «Ամալ»-ի ղեկավար, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը` իբրեւ լուծման լաւագոյն միջոց: Անոնք կոչ ուղղեցին առնչակից կողմերուն` որոշ զիջումներ կատարելու եւ նպաստելու կառավարութեան կազմութեան հեզասահ ընթացքին: Նմանապէս` Հըզպալլայի պատուիրակներուն մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Հըզպալլա ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ հարթելու համար այս ուղղութեամբ ցցուող արգելքները:
Իր կարգին, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր ճիգերը:
Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կը ձեռնարկէ դիւանագիտական խորհրդակցութիւններու, որոնց ծիրին մէջ երէկ ան անջատաբար տեսակցեցաւ Ռումանիոյ, Հունգարիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպաններուն հետ:
Տեղական այս քուլիսային ճիգերուն առընթեր, հայեացքները ուղղուած են յառաջիկայ օրերուն նախատեսուող խորհրդակցութիւններուն` Վատիկանի եւ ապա Մոսկուայի մէջ, ուր յաջորդաբար պիտի այցելեն նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի վաղը Հռոմ, իսկ Ժըպրան Պասիլ` քանի մը օր ետք Մոսկուա:
Նախքան այդ, հայեացքները նոյնպէս սեւեռած են դէպի Եւրոպական Միութիւն, ուր Լիբանանի իրավիճակը ժողովականներու օրակարգին վրայ է:



