Մեթնի վերադատ ատեանի նախագահ, դատախազ Ղատա Աուն երէկ ներկայացաւ Դատական գերագոյն ատեան եւ իր տեսակէտը պարզեց «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր ձեռնարկած դատական հետապնդման զարգացումներուն գծով: Ատեանը յետմիջօրէին հրապարակած հաղորդագրութեամբ որոշեց որ դատախազ Աուն պիտի շարունակէ «Մքաթթաֆ» հաստատութեան դէմ իր դատական հայցը` միաժամանակ Աունէն պահանջելով յանձնառու մնալ Դատական գերագոյն ատեանի այս գծով արձակած հրահանգներուն:
Ժողովականները դատախազ Ղատա Աունին հարցը փոխանցեցին Դատական վերաքննիչ ատեան, որու նախագահ դատախազ Պուրքան Սաատ պիտի վճռէ դատախազ Աունին վերջին քայլերուն գծով տնօրինուելիք որոշումը: Միւս կողմէ, Դատական գերագոյն ատեանը պիտի շարունակէ իր ստուգումները` «Մքաթթաֆ» հաստատութեան լումայափոխութեան թէ գումարներու փոխանցման ապօրինի քայլերու հաւանականութեան գծով: