Տիապ. «Կը Մերժեմ Նպաստի Կասեցումը Կամ Հասցէագրումը` Նախքան Յատկացումներու Քարտի Որդեգրումը»
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ տասնեակ տարիներու կուտակումներուն պատճառով երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կացութիւնը սկիզբէն ի վեր վատ եղած է, «սակայն չէինք նախատեսած, որ 6 ամսուան ընթացքին իրերայաջորդ հսկայական տագնապներ կրնան արձանագրուիլ», ըսաւ ան: Տիապ յայտնեց, որ իրենք չեն մերժեր հրաժարեալ կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարել, սակայն սահմանադրութեան 64-րդ յօդուածին հիման վրայ կը կեդրոնանան միայն...



















