Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն Իրենց Դռները Բանալու Լիբանանի Առջեւ

Ապրիլ 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ներկայիս Լիբանան կը թեւակոխէ մութ փապուղի մը ո՛չ միայն ելեկտրական հոսանքի չգոյութեան պատճառով, այլեւ` տնտեսական ու ապրուստի անցուկ պայմաններուն բերումով», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ` երէկ երեկոյեան արտասանած իր խօսքին մէջ: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը գտնուի համատարած փլուզումի եզրին, եւ անհրաժեշտ նկատեց արտաքին, յատկապէս արաբ եղբայրական օժանդակութեանց ներդրումը: Ան բարձր գնահատեց քաթարցի վարիչներուն ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը` նշելով, որ իր քայլերը պիտի շարունակէ եւ դիմէ արաբական այլ երկիրներու եւս` կոչ ուղղելով արաբ եղբայրական պետութիւններուն զօրակցելու եւ օժանդակելու Լիբանանին` իր այս նեղ պայմաններուն մէջ:

Նախքան այդ, Տիապ Տոհա հասած գիշերն իսկ իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ քաթարցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Իսկ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին Տիապ զանազան տեսակցութիւններ ունեցաւ Քաթարի ուժանիւթի, իսլամական վաքըֆի, պետական նախարարի, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Այս հանդիպումներուն խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի այժմու իրավիճակը: Այս առիթով քաթարցի ղեկավարներ վերահաստատեցին իրենց երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման եւ բարգաւաճման ճիգերուն` պատրաստակամութիւն յայտնելով օժանդակելու Լիբանանին հոն, ուր կարիքը կայ:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ այսօր` երեքշաբթի, 20 ապրիլին վերադառնայ Պէյրութ` աւարտելէ ետք դէպի Քաթար կատարած իր պաշտօնական առաջին այցելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Շուքի Մէջ Ձգելով Քաղաքական Թնճուկի Լուծման Ճիգերը. Երկրի Դատական Մարզը Իր Վրայ Կեդրոնացուց Լուսարձակները

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Յատուկ Ներկայացուցիչ` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այսօր Կը Մեկնի Երեւան

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?