Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանայի Սպանդին 25-Ամեակին Առիթով «Չենք Մոռնար Եւ Չենք Լռեր»

Ապրիլ 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

11-էն 18 ապրիլ 1996-ին Լիբանանի հարաւային Քանա, Մանսուրէ եւ Նապաթիէ շրջանները թիրախ դարձան իսրայէլեան բուռն յարձակումի` պատճառելով նիւթական վնասներ եւ մարդկային զոհեր: Սակայն այդ յարձակման ամէնէն ահաւորը կատարուեցաւ 18 ապրիլ 1996-ին, երբ իսրայէլեան օդանաւ մը ռմբակոծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի պատկանող կեդրոն մը` սպաննելով հոն ապաստանած 106 անմեղ քաղաքացիներ:

Չարաբաստիկ այդ սպանդէն քառորդ դար ետք, լիբանանցիք եւ յատկապէս հարաւցիք խոր վիշտով կը յիշեն իրենց կորսնցուցած սիրելիներն ու հարազատները: Այս առիթով անոնք երէկ նշեցին այդ սպանդին 25-ամեակը, ուր «չենք մոռնար, չենք լռեր» կարգախօսով իրենց ցասումը արտայայտեցին յանցագործի անպատիժ մնալուն դէմ:

Այս առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ Քանայի սպանդը որակեց «վէրքերու պատմութիւն մը, զոր Լիբանանի անմեղ մանուկներ կրեցին իրենց մարմիններուն վրայ»: «Անիկա մարդկային պատմութեան մէջ ամօթի խառան մըն է», ընդգծեց Տիապ:

Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշէլ Մուսա «սիոնական թշնամիին գրած պատմութեան մեծագոյն սեւ էջը, որուն զոհ գացին ՄԱԿ-ի կեդրոն ապաստանած հարիւրաւոր անմեղ կիներ եւ երեխաներ» որակեց Քանայի սպանդը:

Մամլոյ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Ըսսայֆի դատապարտեց դէպքը եւ այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեամբ զայն որակեց «դառն յուշ մը, որ անժամանցելի ու առկայ է լիբանանցիներու, արաբներու եւ համայն քաղաքակիրթ աշխարհի յիշողութեան մէջ»:

«Կը խոնարհինք Քանայի սպանդին եւ Մանսուրէի ու Նապաթիէի ջարդերու նահատակներու յիշատակին առջեւ, որ կը խորհրդանշէ լիբանանցի ժողովուրդին վեհագոյն դիմադրողականութիւնը սիոնական ահաբեկչութեան դէմ», յայտնեց Մարոնիներու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Խազեն` իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Զահլէի Առաջնորդին

Յաջորդը

Դրական Ու Ժխտական Կեցուածքներու Մակընթացութեան Միջեւ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը` Սպասողական Վիճակի Մէջ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?