Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատական Զարգացումներու Լոյսին Տակ. Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը Կը Դառնայ Առաւել Եւս Հրատապ

Ապրիլ 22, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին օրերուն դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու «անհետացման» ծալքերուն հետապնդման ծիրին մէջ բարձրացած աղմուկն ու անոր ընկերացող այլազան կողմերու կեցուածքները հետզհետէ սկսան «կծիկը քակել» ու թափանցել այս հարցին տարբեր ճիւղաւորումներուն` սապառնալով դատականի կողքին ազդել նաեւ երկրի քաղաքական առանց այդ ալ լարուած տարակարծութիւններուն եւ տիրող ընկերային-տնտեսական անբաղձալի իրավիճակին վրայ: Փաստօրէն, երէկ դարձեալ ապահովական «թեթեւ» բախում արձանագրուեցաւ ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ, ինչ որ կրնայ աւելի բարդացնել այս հարցին լուծումը` անմիջական լուծման նախաձեռնութեան բացակայութեան: Սակայն դրամատնային գումարներու պիտակին տակ ծայր առած այս սուր բանավէճին լուծումը կը թուի, թէ այս կամ այն դատախազի զիջումէն կախեալ չէ: Հարցը «Տոմինօ»-ի խաղի նման իր «լուծման» հետ կրնայ լուծել նաեւ այլ մարզերու գծով ծագած թնճուկները, ինչպէս` կառավարութեան կազմութիւնը, դատական նշանակումներու վաւերացման հարցը, կանխահաս ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնը` հասնելով նոյնիսկ մինչեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնը` խուսափելու համար թափուր իշխանութեան երեւոյթի կրկնութենէն: Հոսկէ` պատկան կողմերու սերտ ճիգերը այս հարցը «մայր աղբիւր»-էն լուծելու գծով: Այս ծիրին մէջ տեղական մակարդակի վրայ ճիգերը կը շարունակուին:

Արդարեւ, Հըզպալլայի եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչներու ճիգերուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի մագոգային ճիգերուն եւ նախագահի խորհրդական Ամալ Ապի Զէյտի քուլիսային խորհրդակցութիւններուն կողքին Պքերքէ դարձեալ նախաձեռնութեան ձեռնարկեց` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպում մը կայացնելով: Այս գծով երէկ երեկոյեան նախկին նախարար Ժըպրան Պասիլ ընթրիքի հիւրը եղաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին. հիմնականին մէջ արծարծուեցան լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները, Պասիլի Մոսկուա կատարելիք եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի այսօր Վատիկան կատարելիք այցելութեանց նախօրեակին: Այս ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքի խորհրդականներէն` նախկին նախարար Սըժաան Քազզի երէկ վերահաստատեց Ռայի պատրիարքին անկողմնակալ կեցուածքը Պասիլի եւ Հարիրիի միջեւ: Քազզի անհաւանական նկատեց նոր նախաձեռնութեան գոյութիւնը գէթ առայժմ` վերահաստատելով Պքերքէի կեցուածքը` համախոհական կառավարութեան կազմութեան գծով, որ բաղկացած ըլլայ մասնագէտ 24 անձնաւորութիւններէ, առանց որոշումները արգելակող մէկ երրորդի:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ, որ երեք օր առաջ ստացած էր Պքերքէի հրաւէրը, կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները նախքան իր Մոսկուա մեկնումը: Խորքին մէջ ռուսական այս «խորհրդակցութեանց նախաձեռնութիւնը» կարեւոր քայլ մը կը նկատուի նաեւ ռուսական դիտանկիւնէն: Փաստօրէն, գաղտնիք չէ ռուսական «Միջերկրականի, հարաւի տաք ջուրերը իջնելու դարաւոր ձգտում-երազը», որ քայլ առ քայլ կ՛իրականանայ Ռուսիոյ շրջանային քաղաքականութեան ու յարակից մարտավարութեան ճամբով: Այս իմաստով Ռուսիա կը փորձէ Ֆրանսայի հետ տարբեր ճակատներու վրայ իր տարակարծութիւնը փոխարինել լիբանանեան ճակատին վրայ` առաւել եւս ամրագրելով իր ներկայութիւնը եւ ինչու ոչ` ազդեցութիւնը: Դարձեալ նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ խորհրդակցութիւններու «շարքը» երկարի եւ ընդգրկէ նաեւ լիբանանեան այլ անձնաւորութիւններ եւս յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն, ինչպէս` Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ:

Արդ, լիբանանցիներու հայեացքը դատական բեմահարթակի կողքին ուղղուած է նաեւ դէպի Վատիկան, Մոսկուա եւ Ֆրանսա, ուր կը թուի, թէ այսպէս կոչուած պատժական խիստ տնօրինումներ անհաւանական են լիբանանցի անձնաւորութիւններու դէմ ներկայիս:

Նախորդը

Ընդառաջելով Պքերքէի Ընթրիքի Հրաւէրին` Պասիլ. «Պիտի Շարունակենք Պայքարիլ, Որպէսզի Կառավարութիւնը Կազմուի»

Յաջորդը

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?