Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Ապրիլ 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի անձնական ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղերի, այսօր՝ 24 ապրիլ 2021-ին,  այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն։

Նախագահ Աունի անունով ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ծիծեռնակաբերդի բարձունքէն արաբերէնով ընթերցեց նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան՝ ըսելով. «Տառապանքի յիշատակման, ցաւի վերյիշման առիթով՝ խորագոյն յարգանքով ու ակնածանքով Լիբանանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Միշել Աուն ինծի յանձնարարեց անձամբ ներկայացնել զինք Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախաձեռնութիւններուն, որպէսզի ճշմարտութեան բոցը վառ պահուի բոլորին խիղճերուն մէջ։ Այս առիթով նաեւ շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք կ՛ուղղենք այս ոգեկոչման կազմակերպիչներուն:

Նախագահ Աունի խօսքին մէջ նշուեցաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան Նահատակները կը մնան մեր խիղճերուն մէջ, անոնք կենդանի են մեր կեանքին, ներկային եւ մեր ապագային մէջ: Անոնք կը յայտարարեն, որ Աստուած խաղաղութեան Աստուած է, եւ ոչ թէ անարդարութեան, գաղութատիրութեան եւ բռնութեան: Անոնց հետ մենք կը մերժենք անձնատուր ըլլալ մահուան դատավճիռին: Անոնք թէեւ նահատակուեցան, բայց շարունակեցին պատգամել իրենց հոգիով: Եւ ահա անոնք, աւելի քան մէկ դար անց, նոր կեանք ու դիմագիծ կու տան աշխարհին»։

Լիբանանի նախագահին համաձայն, հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ կան մէկէ աւելի հասարակ յայտարարներ` յատկապէս տանջանքի, զոհաբերութեան ու տառապանքի մէջ: «Դուք սուրով սպաննուեցաք, մենք սպաննուեցանք սովէն ու շրջափակումէն, իսկ յանցագործը մէկն է: Այս ճամբուա վրայ մենք միասնաբար՝ յանուն մարդկութեան, կը մերժենք կեղծիքը, աւերումն ու ճշմարտութեան քօղարկումը: Այսօր կոչ կ՛ուղղենք միասնական ըլլալու, ա՛յս է իսկական եւ գործնական ճշմարտութիւնը, որուն շնորհիւ մենք կ՛ազատագրուինք ամէն տեսակի վախէ ու կ՛ըլլանք առաւել ուժեղ ամէն տեսակի ենթակայութենէ», շեշտեց ան։

Նախագահ զօր. Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւնները առաւել ամրապնդուեցան յատկապէս մարդկային մակարդակի վրայ, երբ Լիբանանի հողերուն վրայ կայք հաստատեցին  հարիւր հազարաւոր հայեր՝ իբրեւ հետեւանք նախորդ դարուն հայութեան հաշուոյն գործուած եւ պատմութեան մէջ ցաւալի փուլ նկատուող ցեղասպանութեան։ «Անոնք դարձան մեր հայրենիքի էական բաղադրիչներէն` արդիւնաւէտօրէն նպաստելով անոր քաղաքական կեանքին, ընկերային ու մշակութային վերելքին: Անոնց մէջէն աչքառու դարձան նախարարներ, երեսփոխաններ, բժիշկներ, արհեստաւորներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ, գործարարներ, գիտնականներ ու մտաւորականներ: Անոնք նաեւ լիակատար հաւատարմութիւն ցուցաբերեցին Լիբանանի հանդէպ` չհրաժարելով իրենց կառչածութենէն Հայաստանին, որուն սերտօրէն կապուած են արեամբ, կրօնքով, մշակոյթով ու պատմութեամբ», հաստատեց Լիբանանի նախագահը:

«Լաւագոյն յարաբերութիւններ հաստատելու երկու ժողովուրդներու ձգտումները մարմնաւորուած են յաճախակի հանդիպումներով, այցելութիւններով ու փորձառութեամբ փոխանակմամբ, որոնց վրայ կ՛աւելնայ նաեւ միջազգային եւ ասիական խորհրդարանական ատեաններուն մէջ դիրքորոշումներու ու կեցուածքներու շարունակական համակարգումը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդներու շահերուն, նաեւ կ՛արտայայտուի արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ մեր կողմնակցութեամբ, մինչ Լիբանան կը շեշտէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու անոր տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը», դիտել տուաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը։

Ան կոչ ուղղեց՝ այդ պատմական վայրէն ու այս պատմական պահէն գործելու այնպէս, որ աշխարհը զերծ մնա մեծամասնութեան ու փոքրամասնութիւններու առկայութեան զգացումներէն: «Մենք բոլորս փոխկախուած ենք ու եղբայրներ, որովհետեւ մենք միասին դէմ յանդիման կը գտնուին ընդհանուր մարտահրաւէրներու, եւ իւրաքանչիւրս իր ձեւով կը տուժէ այս երեւոյթին անդրադարձներէն: Լիբանանի որդիներէն` քրիստոնեաներ ու իսլամներ, հայ ազգի որդիներուն` Հայաստանի Հանրապետութեան, Լիբանանի եւ աշխարհին մէջ, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Նորին գերազանցութիւն զօրավար Միշել Աունը կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնն ու գնահատանքը հայ ժողովուրդին հանդէս, կ՛արժեւորէ անոր նահատակութիւնը, որ կնքուած է հաւատքով եւ կը շարունակէ մնալ մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ», եզրափակեց նախագահ Աուն:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան հայերէնով աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով կը վերահաստատենք «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսը։

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նաեւ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, շրջագայեցաւ եւ ծանօթացաւ յատկապէս Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով եղած նորութիւններուն, ապա ան գրառում կատարեց թանգարանի պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։

Վ. Օհանեան-Գէորգեան իր գրառումին մէջ նշեց հետեւեալը. «Հոս, այս պատմական վայրին մէջ, եւ այս պատմական պահուն, կը հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակները կը մնան մեր խիղճերուն մէջ եւ անոնց կենդանի են մեր կեանքին ներկայ կեանքին ու ապագային մէջ։ Մենք կը մերժենք յանուն մարդկութեան կեղծիքը, աւերն ու ճշմարտութեան քողարկումը, եւ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ ցեղասպանութեան, ներում հայցել ու հատուցել հայ ժողովուրդը»։

Նախարարի պաշտօնակատարը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Վտանգուած արժէքներ» ցուցահանդէսին։

Նախորդը

Խմբագրական. Սեփական Ուժն Է, Որ Կը Կանխարգիլէ Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛ողջունէ Նախագահ Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաստատող Ուղերձը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?