Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այսօր կը մեկնի Երեւան:
Նշենք, որ երէկ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանը: Քննարկուեցան Երեւան այցելութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի պաշտօնական ձեռնարկներուն նախագահ Աունը ներկայացնելու վերաբերող մանրամասնութիւններ: