Լիբանանեան

Պէյրութի Մէջ.   «Բանակցութիւններուն Մէջ Զարգացումներ  Արձանագրած Ենք,  Եւ Համաձայնութեան Մը Յանգելու  Իմաստով Լաւատես Եմ»  Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

Պէյրութի Մէջ. «Բանակցութիւններուն Մէջ Զարգացումներ Արձանագրած Ենք, Եւ Համաձայնութեան Մը Յանգելու Իմաստով Լաւատես Եմ» Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ կէսօրին Նաքուրայի անցակէտին ճամբով Իսրայէլէն հասաւ Լիբանան: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կէսօրուան ժամը 12:30-ին ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Կ՛ընդգծէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Հանդէպ  Կառավարութեան Միացեալ Կեցուածքի Կարեւորութիւնը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կ՛ընդգծէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Հանդէպ Կառավարութեան Միացեալ Կեցուածքի Կարեւորութիւնը

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ...

Լիբանանի Մէջ Պաշտօնական Սուգ`  Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Մահուան Առիթով

Լիբանանի Մէջ Պաշտօնական Սուգ` Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Մահուան Առիթով

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Լիբանանի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց` սկսեալ երէկուընէ մինչեւ կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2022: Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, սուգի օր է նաեւ կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ը` Էլիզապեթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութեան առիթով: Սուգին ընթացքին Լիբանանի պետական կառոյցներուն եւ քաղաքապետարաններուն դրօշակները կիսակայմ պիտի ծածանին, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն յայտագիրները պիտի պատշաճեցուին սուգի...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Խուժեցին Արդարութեան  Նախարարութեան Կեդրոնատեղի

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Խուժեցին Արդարութեան Նախարարութեան Կեդրոնատեղի

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարելու նպատակով ուղղուեցան Արդարութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր անոնք ընդհարումներ ունեցան նախարարութեան դիմաց գտնուող ապահովութեան ուժերուն հետ: Բողոքի նստացոյցը կատարելէ ետք, զոհերուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութենէն քանի մը հոգի կրցաւ խուժել նախարարութեան կեդրոնատեղին, ուրկէ սակայն արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի կը բացակայէր: Ցուցարարները բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր, թէ իրենք կը...

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Տէյր Ահմար

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Տէյր Ահմար

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը Տիմանէն ուղղուեցաւ Տէյր Ահմար - Պաալպեք, ուր ան այցելեց Այնաթա գիւղաքաղաքը: Ռայի պատրիարքին այցելութեան ծիրին մէջ առաջին վայրը եղաւ Ս. Սարգիս եւ Պախոս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ երեսփոխան Անթուան Հապշիի, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի, Տէյր Ահմարի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ժան Ֆախրիի, Այնաթայի քաղաքապետ Միշել Ռահմէի եւ շրջանի հեղինակութիւններուն կողմէ: Այնաթայի մէջ Ռայի...

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Մէկ  Շաբաթով Սառեցուց Իր Յայտարարած Գործադուլը`  Բանակցութիւններուն Առիթ Տալու Համար

«Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Սենտիքան Մէկ Շաբաթով Սառեցուց Իր Յայտարարած Գործադուլը` Բանակցութիւններուն Առիթ Տալու Համար

Երէկ կէսօրին «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքան մէկ շաբաթով սառեցուց իր յայտարարած գործադուլը, որպէսզի իր պահանջներուն մասին բանակցութիւնները շարունակելու առիթ ստեղծէ: «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Էլի Զէյթունա յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի հետ հանդիպումին մթնոլորտը դրական էր` աւելցնելով, որ Քըրըմ «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն պահանջները պիտի ներկայացնէ նախարարաց խորհուրդին: «Այս կեցուածքին իբրեւ բարի կամեցողութիւն` մեր յայտարարած գործադուլը մէկ շաբաթով պիտի սառեցնենք...

Պոկտանով. «Կը Մաղթենք, Որ Դժուար Հարցերը  Լուծուին` Փոխադարձ Շահերը Հաւասարակշռելով»

Պոկտանով. «Կը Մաղթենք, Որ Դժուար Հարցերը Լուծուին` Փոխադարձ Շահերը Հաւասարակշռելով»

Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ պատուիրակ,  արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիոյ հարցերով խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն լուծման ջանքերը: Պոկտանով մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները շարունակեն համագործակցիլ` դժուար հարցերը լուծելու նպատակով: Ան յոյս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 283 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.250 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որունհամաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 16.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը սղած է 6000 լ. ոսկիով:...

«ՕԺԵՐՕ»-ի Պաշտօնէութեան Պահանջներուն  Վերջնական Պատասխանը Կը Տրուի Այսօր

«ՕԺԵՐՕ»-ի Պաշտօնէութեան Պահանջներուն Վերջնական Պատասխանը Կը Տրուի Այսօր

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Քըրըմ եւ Քրէյտիէ նոր տարբերակի մը շուրջ կրցան համաձայնիլ` «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան պահանջներուն ընդառաջելու նպատակով: Քըրըմ յայտնեց, որ ինք լաւատես է «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան յայտարարած գործադուլին լուծում մը գտնելու իմաստով` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն Քրէյտիէի եւ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումէն...

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքական  Առումով Տարակարծիք Կ՛ըլլանք, Սակայն Հայրենիքին  Շուրջ Տարակարծիք Չենք. Պէտք Է Բոլորը  Իմանան Այս Ճշմարտութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Առումով Տարակարծիք Կ՛ըլլանք, Սակայն Հայրենիքին Շուրջ Տարակարծիք Չենք. Պէտք Է Բոլորը Իմանան Այս Ճշմարտութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ պարգեւատրեց նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը` անոր յանձնելով լիբանանեան ազգային «Արժանեաց» ոսկեայ շքանշանը: Այս առիթով ան յայտնեց, որ Լիբանան իր կառուցուածքով աշխարհին պատկերը կը կազմէ, եւ այդ պատճառով ալ ինք ՄԱԿ-էն խնդրած է Լիբանանի մէջ հիմնել «Երկխօսութեան եւ մերձեցման մարդու ակադեմիա»-ն, որուն թեր քուէարկած են ՄԱԿ-ի անդամ 165 երկիրներ, իսկ դէմ քուէարկած...

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները  Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին  Արդարութեան Պալատին Շրջակայքը

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Արդարութեան Պալատին Շրջակայքը

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Արդարութեան պալատին շրջակայքը` մերժելով արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի` նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակելու որոշումը: Այս մասին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը ամբողջութեամբ քաղաքականացուած է եւ օրէնքները գործադրելու փոխարէն օրինազանցութիւն կը կատարէ: Ան նշեց, որ Դատական իշխանութեանց...

Ճ. Պուչիքեան Ընդունեց Սննդեղէնի  Ճարտարարուեստի Մարզի Ներկայացուցիչներ

Ճ. Պուչիքեան Ընդունեց Սննդեղէնի Ճարտարարուեստի Մարզի Ներկայացուցիչներ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մունիր Պսաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզը, անոր բարգաւաճումն ու Լիբանանի ու արտերկրի մէջ անոր ընդարձակումը: Ներկաները ընդգծեցին, որ պէտք է քաջալերեն սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը, որպէսզի անոնք պատրաստուին ստանալու «Այզօ 22005»-ի յատուկ չափանիշներ, եւ խստապահանջ ըլլալու բարձրորակ արտադրութիւնները շարունակելու իմաստով, որովհետեւ...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ժազանի Վրայ Գործուած Ահաբեկչական Յարձակումը …

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Սուրիոյ Վրայ Կատարուած Իսրայէլեան Յարձակումները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, որոնց ընթացքին իսրայէլեան օդուժին կողմէ ռմբակոծուեցան Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայանները` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ, ինչպէս նաեւ վտանգի ենթարկելով քաղաքացիական օդանաւորդութիւնն ու քաղաքացիներուն կեանքը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ այդ յարձակումները միջազգային օրէնքին դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են, ինչպէս նաեւ ուղղակի սպառնալիք` միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան:...

Հոքշթայն Իր Պատասխանը Կրնայ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեամբ Փոխանցել

Հոքշթայն Կը Վերադառնայ Շրջան` Շարունակելու Համար Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները

«Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ, կը գրէ, թէ հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ պիտի հասնէր Իսրայէլ` շարունակելու համար բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ստորագրելու համար սահմանագծումի համաձայնութիւնը: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հոքշթայն իր այցելութեան ընթացքին պիտի ներկայացնէ միջին լուծում մը, որ իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 307 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.300 լ. ոսկի է: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Համիէի Թարայայի բնակարանի պարտէզին մէջ պայթած է ռումբ մը, որ ելեկտրական թելերով կապուած էր ծառի մը:...

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն  Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին  Հանրի Խուրիի Բնակարանին Դիմաց

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Հանրի Խուրիի Բնակարանին Դիմաց

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան բողոքի նստացոյց մը կատարեցին արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի բնակարանին դիմաց` բողոքելով նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակումին դէմ: Նստացոյցին մասնակից քաղաքացիները խուժեցին Խուրիի բնակած շէնքը եւ անոր տան զանգը հնչեցուցին` պահանջելով անկէ դուրս գալ իր բնակարանէն: Ցոյցին վայրը հասան Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք փորձեցին հակակշռել կացութիւնը: Նշենք, որ...

Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Քննարկումը  Շարունակելու Ժողովի Մը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Քննարկումը Շարունակելու Ժողովի Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին քննարկումը շարունակելու ժողովի մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին տրուած որոշումները գործադրելու կարեւորութիւնը: Ժողովին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս...

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Քրէյտիէն  Եւ Նախագահեց Տարբեր Ժողովներու

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Քրէյտիէն Եւ Նախագահեց Տարբեր Ժողովներու

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Օժերօ»-ի  ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէն, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը շատ դրական եղած է եւ գրասենեակ հասնելէ ետք անմիջապէս պիտի հանդիպի «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքային հետ: Շատ լաւ տրամադրութեամբ իր գրասենեակը ուղղուած Քրէյտիէ հանդիպում մը ունեցաւ սենտիքային հետ, սակայն աւելի ուշ սենտիքան գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին յայտարարուեցաւ, թէ վերջնական որոշումներու չեն...

Մորիս Սլիմ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Իր Իրաւունքներն Ու Գերիշխանութիւնը  Պաշտպանելու Իր Իրաւունքին»

Մորիս Սլիմ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Իրաւունքներն Ու Գերիշխանութիւնը Պաշտպանելու Իր Իրաւունքին»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը, որոնք ճշդուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425, թիւ 426 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն հիման վրայ: Սլիմ բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ջանքերը եւ...

Միւֆթի Տըրիան Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխաններուն  Ամրապնդելու Իրենց Միասնականութիւնը

Միւֆթի Տըրիան. «Կը Զգուշացնենք Նախագահական Թափուր Աթոռի Աղէտէն Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Կառավարութեան Կազմութեան»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի մահուան Ա. տարելիցին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին: Այս առիթով ան հաստատեց, որ շէյխ Քապալան ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը կը նկատուի` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդը ազգային միասնականութեան դրօշը բարձր պահեց եւ իսլամական միասնականութիւնը հիմնական արժանիքի վերածեց: Անդրադառնալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ ներկայ իրավիճակին` միւֆթի...

Page 318 of 988 1 … 317 318 319 … 988

Արխիւներ