Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ երեկոյեան բողոքի նստացոյց մը կատարեցին արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի բնակարանին դիմաց` բողոքելով նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակումին դէմ:
Նստացոյցին մասնակից քաղաքացիները խուժեցին Խուրիի բնակած շէնքը եւ անոր տան զանգը հնչեցուցին` պահանջելով անկէ դուրս գալ իր բնակարանէն:
Ցոյցին վայրը հասան Ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք փորձեցին հակակշռել կացութիւնը:
Նշենք, որ զոհերուն հարազատները երէկ առաւօտեան բողոքի այլ նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց:
Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը համաձայն գտնուած էր Խուրիի առաջարկին, որուն հիման վրայ փոխանորդ հետաքննիչ դատաւոր մը պիտի նշանակուի, որպէսզի վաւերացնէ այդ հարցով արգելափակուածներուն ազատ արձակումը, մինչեւ որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար վերադառնայ իր պաշտօնին:
Նշենք, որ Պիթար ինը ամիսներէ ի վեր դադրած է աշխատանքէ` պայթումին թղթածրարին հարցով հետապնդումի տակ գտնուող քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ զայն պաշտօնազրկելու պահանջին պատճառով:
Խուրի յայտնեց, որ իր բնակարանին դիմաց կատարուածը ամօթ է` աւելցնելով, որ ինք փոխանորդ դատաւորի մը նշանակումը պահանջած է` լուծելու համար արգելափակեալներուն հարցը:
Խուրի ընդգծեց, որ իրենք դատաւոր Պիթարը չեն պաշտօնազրկած:
Ան յայտնեց, որ տակաւին ոչ ոք նշանակուած է` հաստատելով, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը տակաւին նոր համաձայնութիւն յայտնեց փոխանորդ դատաւորի նշանակման սկզբունքին:
Խուրի նկատել տուաւ, որ ինք իր բնակարանին մէջ չի գտնուիր, այլ ընտանիքն ու զաւակները` հաստատելով, որ մերժելի է իր ընտանիքին դէմ գործուած այս վարուելակերպը:


