Գաղթականներու Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Ժողով. Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովելու Ջանքերը Կը Շարունակուին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ նախագահեց Գաղթականներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցան գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին, Գաղթականներու սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Նիքոլա Հապըր, գաղթականներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Օսման, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի զեկուցաբեր Հիւսէյն Ժաշի եւ անդամներ Էտկար Թրապուլսի, Մարք Տաու եւ Հատի Ապուլ Հըսըն: Ժողովէն ետք հրապարակուեցաւ...




















