Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Պաշտօնական Սուգ` Էլիզապեթ Բ. Թագուհիին Մահուան Առիթով

September 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Լիբանանի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց` սկսեալ երէկուընէ մինչեւ կիրակի, 11 սեպտեմբեր 2022:

Միքաթիի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, սուգի օր է նաեւ կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2022-ը` Էլիզապեթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութեան առիթով:

Սուգին ընթացքին Լիբանանի պետական կառոյցներուն եւ քաղաքապետարաններուն դրօշակները կիսակայմ պիտի ծածանին, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն յայտագիրները պիտի պատշաճեցուին սուգի այս մթնոլորտին:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին անոր մօր` Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով:

«Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահը մեզի համար կորուստ է` նկատի ունենալով անոր համաշխարհային հեղինակութիւնը, աշխատանքի օրինակելի տիպարը եւ մարդկային արժէքներու, պարկեշտութեան եւ ազգային պարտականութեան դպրոց մը ըլլալու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միասնականութեան, հողային ամբողջականութեան եւ ապահովութեան անոր զօրակցութիւնը», նշեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Բրիտանիոյ վարչապետ Լիզ Թրասին` յայտնելով, որ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին մահը լիբանանցիներուն հոգիներուն վիշտ պատճառած է` նկատի ունենալով, որ թագուհին միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, յատկապէս անոր դիմագրաւած վատ օրերուն եւ պայմաններուն ընթացքին:

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Խուժեցին Արդարութեան Նախարարութեան Կեդրոնատեղի

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կ՛ընդգծէ Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Հանդէպ Կառավարութեան Միացեալ Կեցուածքի Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.