Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ կէսօրին Նաքուրայի անցակէտին ճամբով Իսրայէլէն հասաւ Լիբանան:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կէսօրուան ժամը 12:30-ին ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, յատկապէս թիւ 23 սահմանագիծին, ինչպէս նաեւ թիւ 8 եւ 9 նաւթահորերուն:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց լիբանանեան միացեալ կեցուածքը, որ ընդգծուած էր Հոքշթայնի Լիբանան կատարած անցեալ այցելութեան ընթացքին, երբ հանդիպումը կատարուած էր Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն ներկայութեան:
45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Հոքշթայն նախագահական պալատէն յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը եղած է բացառիկ: Ան շեշտեց, որ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած են զարգացումներ` աւելցնելով, որ համաձայնութեան մը յանգելու իմաստով ինք լաւատես է:
Նախագահական պալատէն ետք Հոքշթայն այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ներկայ էին նաեւ Էլիաս Պու Սաապ եւ Ապպաս Իպրահիմ:
Հանդիպումին ընթացքին Հոքշթայն ներկայացուց Լիբանանէն դուրս իր կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնց լոյսին տակ Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, որոնք կը գտնուին իր տնտեսական շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ իր հարստութիւնները օգտագործելու իր գերիշխանական իրաւունքին:
Շուրջ կէս ժամուան հանդիպումէն ետք Հոքշթայն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցած էր Պըրրիի հետ եւ խորհրդարանի նախագահէն թելադրանք ստացած ներկայ գտնուելու Հոքշթայնի ունենալիք բոլոր հանդիպումներուն:
Ապպաս Իպրահիմ Այն Թինէէն մեկնումի պահուն լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած էր, թէ Պըրրիի կատարած իր այցելութեան նիւթը ծովային սահմանագծումը չէ: Իսկ պատասխանելով Լիբանանի ապահովական իրավիճակին մասին հարցումի մը` Իպրահիմ ըսաւ. «Երկիրը կը գտնուի ապահովական շատ լաւ վիճակի մէջ»:
Ապա Հոքշթայն ուղղուեցաւ վարչապետարան` հանդիպում մը ունենալու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պու Սաապ, Ապպաս Իպրահիմ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ Միքաթիի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու դեսպան Պութրոս Ասաքեր:
Իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք Հոքշթայն ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուրկէ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ:
Հոքշթայն յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր կարճ այցելութիւնը եղած է դրական: Ան նկատել տուաւ, որ քննարկումները եւ բանակցութիւնները եղած են լաւ:
«Ինչպէս միշտ ես լաւատես եմ եւ կը հաւատամ, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին բանակցութիւններուն մէջ զարգացումներ արձանագրեցինք: Կը մաղթեմ, որ զարգացումները շարունակուին, եւ կարելի ըլլայ շօշափելի համաձայնութեան մը յանգիլ, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը յոյս պիտի ներշնչէ եւ երկրին տնտեսութիւնը պիտի աշխուժացնէ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի իրականացնէ եւ օգտակար պիտի ըլլայ բոլորին համար», ըսաւ ան:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ ինք լաւատես է իր կատարած բոլոր քննարկումներով, սակայն յաւելեալ աշխատանքի կարիք կայ, իսկ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են աշխատանքը շարունակելու եւ մնացեալ բացերը գոցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ այն համաձայնութեան, որ լիբանանցիներուն օգտին ըլլայ: «Այս է այն նպատակը, որուն կը ցանկանք հասնիլ` լուծելով այս տագնապը», եզրափակեց ան:
Նշենք, որ լիբանանեան պաշտօնական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր այն կեցուածքին, որ Իսրայէլ նաւթ պիտի չարտահանէ, եթէ Լիբանան իր կարգին նաւթ արտահանելու իրաւունք չունենայ: