Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Արդարութեան Պալատին Շրջակայքը

September 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ կէսօրէ առաջ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Արդարութեան պալատին շրջակայքը` մերժելով արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի` նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակելու որոշումը:

Այս մասին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը ամբողջութեամբ քաղաքականացուած է եւ օրէնքները գործադրելու փոխարէն օրինազանցութիւն կը կատարէ:

Ան նշեց, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը վերսկսելու փոխարէն պնդեց օրէնքը խախտել, հետեւաբար ո՛չ զոհերուն եւ ո՛չ ալ զոհերուն ընտանիքներուն արդարութիւն պարգեւեց:

Նշենք, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդը համաձայն գտնուած էր փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակման Խուրիի առաջարկին:

Այս շրջագիծին մէջ Իրաւաբաններու սենտիքայի նախկին նախագահ, բարեկարգչական երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ կարծէք կը վկայենք քաղաքական գործարք մը, որուն նպատակն է փակել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թղթածրարը:

«Նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակումի որոշումը անկարելի է, որ գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ անիկա իրաւական ոչ մէկ հիմնաւորում ունի, ինչպէս նաեւ իշխանութեան շրջանցում կը նկատուի», ըսաւ ան:

Խալաֆ նկատել տուաւ, որ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի որոշումը հարցին լուծում չ՛ապահովեր, որովհետեւ կարելի չէ արդարութիւնը կտրատել` անձնական շահեր իրականացնելու համար: «Թող քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց ձեռքերը հեռացնեն այս թղթածրարէն», շեշտեց ան:

Խալաֆ յայտնեց, որ երկրին ժողովրդավարութիւնը լաւ վիճակի մէջ չ՛ըլլար, եթէ դատական իշխանութիւնը անկախ չէ: «Մեզի համար այսուհետեւ նման հարցեր խիստ մերժելի են, եւ բոլորս պէտք է օրէնքի յարկին տակ գործենք», ըսաւ ան:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ Պէյրութի պայթումին թղթածրարը միայն մէկ դատաւոր պէտք է ստանձնէ:

Ան կոչ ուղղեց զոհերու ընտանիքներուն պահպանելու իրենց հանդարտութիւնը եւ օրինական միջոցներուն դիմելու` տիրանալու համար իրենց իրաւունքներուն:

Օքէյս շեշտեց, որ անընդունելի են ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ քաղաքական այն հեղինակութիւնը, որուն ինք կը պատկանի, կ՛արգիլէ զինք դատական նշանակումները վաւերացնելէ:

«Իբրեւ համախմբումներ եւ պլոքներ թերացած ենք Խալիլի վրայ ճնշում բանեցնելու, սակայն մեր կեցուածքը մագլցողական պիտի ըլլայ` յաջորդ փուլին: Իսկ առանց աչքերս թարթելու կը հաստատեմ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը խոչընդոտէ արդարութիւնը նաւահանգիստի պայթումին առումով», շեշտեց Օքէյս:

Ան խորհուրդ տուաւ Հանրի Խուրիին անմիջապէս յետս կոչելու փոխանորդ հետաքննիչ դատաւոր մը նշանակելու իր որոշումը, «իսկ վարչակազմը բացայայտող նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարին խորհուրդ կու տամ չհրաժարելու իր պաշտօնէն», աւելցուց Օքէյս:

Իր կարգին, նախկին ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակումը օրինազանցութիւն է: «Աւելի՛ն, իրաւական աշխարհին մէջ նման բան գոյութիւն չունի», ըսաւ ան:

Մատի շեշտեց, որ դատաւոր Թարեք Պիթար տակաւին կը պահէ իր պաշտօնը, եւ անոր աշխատանքը խանգարողը խորհրդարանն է ու Եուսեֆ Խալիլը: «Փոխանորդ հետաքննիչ դատաւոր մը նշանակելու նպատակն է  Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ բացուած հետաքննութեան վերջ տալ», ըսաւ ան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ փոխանորդ հետաքննիչ դատաւորի մը նշանակումը օրէնքին չի համապատասխաներ եւ կասկածելի քաղաքական գործարք մըն է:

 

Նախորդը

Ճ. Պուչիքեան Ընդունեց Սննդեղէնի Ճարտարարուեստի Մարզի Ներկայացուցիչներ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Առումով Տարակարծիք Կ՛ըլլանք, Սակայն Հայրենիքին Շուրջ Տարակարծիք Չենք. Պէտք Է Բոլորը Իմանան Այս Ճշմարտութիւնը»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.