Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՕԺԵՐՕ»-ի Պաշտօնէութեան Պահանջներուն Վերջնական Պատասխանը Կը Տրուի Այսօր

September 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ երէկ առաւօտեան հանդիպում մը ունեցաւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Քըրըմ եւ Քրէյտիէ նոր տարբերակի մը շուրջ կրցան համաձայնիլ` «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան պահանջներուն ընդառաջելու նպատակով:

Քըրըմ յայտնեց, որ ինք լաւատես է «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան յայտարարած գործադուլին լուծում մը գտնելու իմաստով` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն Քրէյտիէի եւ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումէն բխելիք պատասխանին:

Քըրըմ ընդգծեց, որ պէտք է համագործակցիլ լուծման մը յանգելու համար, որովհետեւ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզը սառեցնելու հետեւանքները շատ մեծ են երկրին համար:

Ան յոյս յայտնեց, որ իր ներկայացուցած նոր տարազը «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներու սենտիքան ընդունի` աւելցնելով, որ իրենք ճակատագրական օր մը կ՛ապրին:

Կէսօրին «Օժերօ»-ի պաշտօնեաներուն սենտիքան գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Քրէյտիէի, որմէ ետք յետմիջօրէին «Օժերօ»-ի պաշտօնէութիւնը Քըրըմին յանձնեց իր առաջարկը:

Նախարարի պաշտօնակատարը իր կարգին այդ առաջարկները ներկայացուց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահած ժողովին, որ անդրադարձաւ երկրին պետական մարզին վրայ ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքներուն:

Յետմիջօրէին գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Քըրըմ, Ապպաս Հալապի, Ճորճ Պուչիքեան, Հանրի Խուրի, Մորիս Սլիմ, Եուսեֆ Խալիլ, Նաժլա Ռիաշի, Հեքթոր Հաժժար, Պասսամ Մաուլաուի, Ֆիրաս Ապիատ, Մուսթաֆա Պայրամ, Ալի Համիէ, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Նիսրին Մաշմուշի, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի եւ Միքաթիի գրասենեակի տնօրէն Ժամալ Քարիմ:

Ժողովի աւարտին Հաժժար շեշտեց, որ նախարարական այս յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի տայ յարմար որոշումներ:

Իր կարգին, Սլիմ յայտնեց, որ բանակայիններուն ամսական փոխադրածախսը պիտի վերածուի մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար լ. ոսկիի:

Միւս կողմէ, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախարարական յանձնախումբը մերժած է «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան կողմէ Քըրըմին յանձնուած առաջարկը եւ հաստատած, որ ամսական աշխատավարձերու մանրամասնութիւններուն միջամուխ չեն փափաքիր դառնալ, այլ միայն 128 միլիառ լ. ոսկի տրամադրել` իբրեւ ընկերային օժանդակութիւն:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Առումով Տարակարծիք Կ՛ըլլանք, Սակայն Հայրենիքին Շուրջ Տարակարծիք Չենք. Պէտք Է Բոլորը Իմանան Այս Ճշմարտութիւնը»

Յաջորդը

«Քրեմլինը Տակաւին Փութինի Հայաստան Այցելութեան Թուականը Պաշտօնապէս Չէ Յայտարարած» Կ՛ըսէ Ուշաքով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.