Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Առումով Տարակարծիք Կ՛ըլլանք, Սակայն Հայրենիքին Շուրջ Տարակարծիք Չենք. Պէտք Է Բոլորը Իմանան Այս Ճշմարտութիւնը»

September 9, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ պարգեւատրեց նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը` անոր յանձնելով լիբանանեան ազգային «Արժանեաց» ոսկեայ շքանշանը:

Այս առիթով ան յայտնեց, որ Լիբանան իր կառուցուածքով աշխարհին պատկերը կը կազմէ, եւ այդ պատճառով ալ ինք ՄԱԿ-էն խնդրած է Լիբանանի մէջ հիմնել «Երկխօսութեան եւ մերձեցման մարդու ակադեմիա»-ն, որուն թեր քուէարկած են ՄԱԿ-ի անդամ 165 երկիրներ, իսկ դէմ քուէարկած են Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այս ակադեմիան երկխօսութեան եւ մերձեցման ակադեմիա է: «Լիբանանի մէջ քաղաքական առումով տարակարծիք կ՛ըլլանք, սակայն հայրենիքին շուրջ տարակարծիք չենք. պէտք է բոլորը իմանան այս ճշմարտութիւնը: Մենք բոլորս յանձնառու ենք մեր ազգային կեանքին, ինչքան ալ տարբեր ըլլան քաղաքական մեր մօտեցումները», հաստատեց ան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը ատակ չէ եւ օրինականութիւնը չունի նախագահութեան լիազօրութիւնները ստանձնելու:

Անդրադառնալով Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ Կանայի նաւթահորը ամբողջութեամբ Լիբանանին պիտի տրուի` աւելցնելով, որ պէտք է արագացնել սահմանագծումի համաձայնութեան ստորագրութիւնը` նախքան իր պաշտօնավարութեան աւարտը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իսրայէլեան կողմը գրեթէ բոլոր կէտերուն համաձայն գտնուած է:

Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս նախագահական թեկնածուներուն մէջ չկայ անուն մը, որ արժանի է իր զօրակցութեան, իսկ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր թեկնածութիւնը չէ առաջադրած:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին լրջօրէն լծուելու կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին` աւելցնելով, որ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ, որ կառավարութեան անդամներուն թիւին վրայ աւելնան 6 պետական նախարարներ, որոնք ըլլան քաղաքական անձնաւորութիւններ, որովհետեւ մասնագէտներու ներկայ կառավարութիւնը արդիւնաբեր չէ:

«Ունիմ այնպիսի զգացում, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը խոչընդոտուի, որպէսզի վարչապետ Միքաթի եւ անոր զօրակցողներն ու նեցուկ կանգնողները տիրեն երկրին, եւ ես պիտի պայքարիմ այդ ջանքերուն դէմ», շեշտեց ան:

Նշենք, որ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը երէկ գրեց, որ 1989-ին զօր. Միշել Աունի նախագահական պալատ հասնելու բեմագրութիւնը` իբրեւ փոխանցման շրջանի զինուորական կառավարութիւն, առկայ է նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի միտքին մէջ, եթէ կարելի չըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, կան տեղեկութիւններ, թէ նախագահ Աուն 31 հոկտեմբերի կէս գիշերին նախագահական պալատէն մեկնելէ առաջ պիտի հրապարակէ հրամանագիր մը, որուն համաձայն` պիտի նշանակէ փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը` Պասիլի գլխաւորութեամբ:

 

Նախորդը

Պէյրութի Պայթումի Զոհերուն Ընտանիքները Բողոքի Նստացոյց Մը Կատարեցին Արդարութեան Պալատին Շրջակայքը

Յաջորդը

«ՕԺԵՐՕ»-ի Պաշտօնէութեան Պահանջներուն Վերջնական Պատասխանը Կը Տրուի Այսօր

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.