Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 311 վարակուածներ եւ մահացած է 1 պարագայ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.500 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ալաուի այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ...


















