ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 283 վարակուածներ եւ մահացած է 2 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 35.250 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որունհամաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 16.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութը սղած է 6000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 618.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 633.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 791.000 լ. ոսկի:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ Լիբանանի Գ. ազատագրումը պիտի կատարուի երկրին կազային եւ նաւթային իրաւունքները արժանապատուութեամբ եւ փառքով վերադարձնելով Լիբանանին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ ձգձգումը եւ հարցերու լուծման յետաձգումը` մինչեւ նախագահական ընտրութենէն ետք, պիտի վատթարացնէ տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Մոհամետ Իպրահիմ Ֆաթթուհ Շիհայի: Քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութեան թեկնածուները: Ռիֆի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան թեկնածուները պէտք է ունենան երկիրը փրկելու յատկանիշներ եւ ոչ թէ այլոց ծրագիրներուն դիմաց խոնարհելու հակումներ:
 
			

