«Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ, կը գրէ, թէ հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ պիտի հասնէր Իսրայէլ` շարունակելու համար բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ստորագրելու համար սահմանագծումի համաձայնութիւնը:
Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հոքշթայն իր այցելութեան ընթացքին պիտի ներկայացնէ միջին լուծում մը, որ իսրայէլեան եւ լիբանանեան կողմերուն ներկայացուցած առաջարկներուն միջին տարբերակն է:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» կը գրէ նաեւ, թէ հակառակ այս այցելութեան կարեւորութեան, ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ համաձայնութիւն ստորագրել, որովհետեւ բանակցութիւնները որոշ ժամանակի մը համար կրնան ընթացքի մէջ ըլլալ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հոքշթայն Իսրայէլ պիտի հասնի Ֆրանսա կատարած իր այցելութենէն ետք, ուր ան հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ «Թոթալ» ընկերութեան պատասխանատուներուն հետ` նկատի ունենալով, որ «Թոթալ» նաւթի եւ կազի արտահանման աշխատանքներ պիտի կատարէ:


