Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Նատա Պուսթանիի, Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, Ինայա Իզզէտտինի, Ալի Ամմարի, Սելիմ Սայէղի, Ալի Օսէյրանի, Ատնան Թրապուլսիի, Նաամաթ Աֆրամի, Իպրահիմ Մուսաուիի, Հասան Իզզէտտինի, Էլիաս Խուրիի, Նասեր Ժապերի, Միշել Տուէյհիի, Միշել Մըրի եւ Ռամի Ֆանժի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար:
Հաժժար շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հանդէպ կառավարութեան միացեալ կեցուածքի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ գաղթականներու ՄԱԿ-ի յանձնաժողովին հետ թիւերով խօսելու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքին յստակ չափանիշներ ճշդելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու արագ տունդարձին կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել այս կացութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ալամէ շեշտեց, որ Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը պիտի շարունակէ քննել այդ թղթածրարը իր բոլոր երեսներով, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջէ տեղեկութիւններ եւ թիւեր` տեղահանուածներուն վերաբերող տարբեր նախարարութիւններէն եւ ապահովական կառոյցներէն: