Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին քննարկումը շարունակելու ժողովի մը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին տրուած որոշումները գործադրելու կարեւորութիւնը:
Ժողովին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներ Ռաֆիք Շլալա, Ռեմոն Թարապէյ եւ Ռուլա Նասսար:
Ժողովէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ ժողովին նպատակը եղած է նախորդ նիստերուն տրուած գաղտնի որոշումներուն գործադրութիւնը հետապնդել, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է այս շաբթուան ընթացքին Լիբանանի անունով պաշտօնական նամակ մը յղել ՄԱԿ-ին եւ գաղթականներու յանձնաժողովին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան վստահելի աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ նախագահ Աուն 20 սեպտեմբերին պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին:


