Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մունիր Պսաթի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզը, անոր բարգաւաճումն ու Լիբանանի ու արտերկրի մէջ անոր ընդարձակումը:
Ներկաները ընդգծեցին, որ պէտք է քաջալերեն սննդեղէնի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերը, որպէսզի անոնք պատրաստուին ստանալու «Այզօ 22005»-ի յատուկ չափանիշներ, եւ խստապահանջ ըլլալու բարձրորակ արտադրութիւնները շարունակելու իմաստով, որովհետեւ լիբանանեան արտադրութիւնը իր լրացուցած չափանիշերով եւ որակով է, որ մրցունակ է տարբեր երկիրներու շուկաներուն մէջ:


